ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական 8րդ նիստին մասնակցելու համար Հոկտեմբեր 9ին Մոսկուա պիտի մեկնի նախագահին առընթեր ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, պաշտպանութեան նախարար, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, նիստին պիտի մասնակցին յանձնաժողովի հայկական եւ ռուսական կազմերուն մէջ ընդգրկուած, ինչպէս նաեւ որպէս փորձագէտներ հրաւիրուած երկու երկիրներու նախարարութիւններու, գերատեսչութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատասխանատու աշխատակիցներ:
Նիստի ընթացքին կը նախատեսուի քննել երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 2005ի Հոկտեմբեր 13ի եօթներորդ նիստի արձանագրութեան եւ յանձնաժողովի համանախագահներու 2006ի Յուլիս 12ի հանդիպման արձանագրութեան կատարման ընթացքը, երկկողմ պայմանագրի իրաւական հէնքի վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները, պետական պարտքի մարման դիմաց Ռուսիոյ որպէս սեփականութիւն յանձնուած հայկական հաստատութիւններու աշխատանքի ապահովման խնդիրը, առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի համալիրի, փոխադրութեան եւ կապի, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնագաւառներուն միջեւ գործակցութեան հարցեր: