Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Շերիֆ»-«Փիւնիկ» մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա» ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներու ծիրին մէջ:
Երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, «Փիւնիկ»ը չկրցաւ յաղթանակի հասնիլ եւ իր հիւրին հետ արձանագրեց ճերմակ հաւասարութիւն մը:
Դարձի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մոլտովայի մէջ, խումբերը առաւել քան 120 վայրկեանի ընթացքին չյաջողեցան կօլ նշանակել, եւ դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն: «Շերիֆ»ը յաջողեցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: