ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 4րդ Ծրագրաւորման բաց մրցոյթ-2006ի յաղթողներուն Հոկտեմբեր 5ին մրցանակներ յանձնեցին մրցոյթի կազմակերպիչները եւ հովանաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Ծրագրաւորման բաց մրցոյթ-2006ի անհատական փուլի առաջին, երկրորդ, երրորդ մրցանակակիրներն են համապատասխանաբար Վահէ Մուսոյեան, Գագիկ Ամիրխանեան եւ Արա Առաքելեան, որոնք ստացան սահմանուած դրամական պարգեւները՝ 300 հազար, 200 հազար, 100 հազար դրամ:
Խմբային փուլին մասնակցող 10 խումբերէն՝ իւրաքանչիւրը երեքական մասնակիցներով, երրորդ դիրքը նուաճեցին Վահէ Մուսոյեան, Գագիկ Ամիրխանեան, Լեւոն Հայկազեան եւ ստացան 150 հազար դրամ: Երկրորդ տեղը գրաւեցին Լեւոն Հայրապետեան, Գրիգոր Գէոլեցեան, Հայկ Հայոցեան եւ ստացան 300 հազար դրամ մրցանակ: Առաջին տեղը գրաւած խումբի ներկայացուցիչներն են Արա Առաքելեան, Գէորգ Հոռոմեան եւ Արմէն Ծիրունեան, անոնց յատկացուեցաւ 450 հազար դրամ դրամական պարգեւ:
Նշենք, որ մրցոյթի նախընտրական փուլը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով միաժամանակ տեղի ունեցաւ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: Երեւանէն մասնակցեցան 324, Վանաձորէն 15, Գիւմրիէն՝ 11 ծրագրաւորող:
Մրցոյթը հովանաւորեցին «Սինոփսիս» ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղը, «Վիրաժ լոճիք ինթերնեշընլ» հայաստանեան մասնաճիւղը, «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան ներկայացուցչութիւնը Հայաստանի մէջ, «Անտարես» եւ «Իքսթերնեթ» ընկերութիւնը: Ծրագրաւորման բաց մրցոյթի նպատակն էր բացայայտել Հայաստանի մէջ բնակող մինչեւ 30 տարեկան C++ կամ JAVA ծրագրաւորման լեզուներուն տիապետող լաւագոյն երիտասարդ մասնագէտներուն: