ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակեց «2022 թ. Օգոստոսին Ադրբեջանի կողմից Արցախի ժողովրդի իրաւունքների խախտումների մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային յանձնառութիւն ունեցող կառոյցներու եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու:
Զեկոյցի առաջին բաժինին մէջ ներկայացուած են փաստեր եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն ետք Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ համակարգուած եւ շարունակաբար իրականացուող յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:
«Հրադադարի հաստատումից յետոյ Ադրբեջանի կողմից կատարուել է մարդկային եւ նիւթական խոշոր վնասի հասցրած աւելի քան 112 յանցագործութիւն, որի հետեւանքով սպաննուել է 3 քաղաքացիական եւ 15 զինուորական անձ, սպանութեան փորձի ենթարկուել 126 անձ (48 քաղաքացիական, 78 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում է ստացել կամ բռնութեան է ենթարկուել 65 անձ (14 քաղաքացիական, 51 զինուորական)», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Զեկուցին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Օգոստոս 2022ին Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն եւ անոնց արդիւնքներուն։ վերաբերեալ
Երկրորդ բաժինին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող (Լաչինի) միջանցքի կենսական նշանակութիւնը եւ անոր իրաւական դրութեան փոփոխութեան անթոյլատրելիութիւնը, ինչպէս նաեւ միջանցքով անցնող երթուղին եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած ժամկէտէն կանուխ փոխելու Ատրպէյճանի կողմին ներկայացուած անօրինական պահանջը: Անոր մէջ արձանագրուած է, որ իր անօրինական պահանջները յառաջ մղելու համար, ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կը դիմէ ուժի կիրարկման կամ անոր սպառնալիքին, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է:
Երրորդ բաժինը կ՛անդրադառնայ ուժի կիրարկման սպառնալիքի տակ խաղաղ բնակավայրերու` Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու հայաթափման, անոր իբրեւ արդիւնք մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, որոնք ուղղակիօրէն կը հակասեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 29 Սեպտեմբեր 2020ին կիրարկուած եւ նոյն տարուան 3 Նոյեմբերին առաւել ընդլայնուած միջանկեալ միջոցին, որմով կողմերուն կոչ ուղղուած է ձեռնպահ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ քաղաքացիական բնակչութեան տուեալ ուխտով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման:
Չորրորդ բաժինին մէջ ներկայացուած են ապացոյցներ օգոստոսեան լարուածութեան զուգահեռ Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաններու, հանրային գործիչներու կողմէ հայերուն դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան այլ դրսեւորումներու կտրուկ աճին վերաբերեալ: Այա բաժինին մէջ արձանագրուած է, որ Ատրպէյճան ակնյայտօրէն կ՛անտեսէ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 Դեկտեմբեր 2021ի որոշումը, մասնաւորաբար որոշման 2րդ կէտով սահմանուած պահանջը, ըստ որուն, Ատրպէյճան պարտաւոր է «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` կանխելու համար ազգութեամբ հայերը թիրախ դարձնող ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումը եւ խթանումը, ներառեալ`ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու եւ պետական հաստատութիւններու կողմէ»:
Զեկոյցին հինգերորդ բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան յանձնառութեան յստակացման անհրաժեշտութեան, որ արդիւնաւէտ գործիքակազմեր պիտի ապահովէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն պատշաճ հակազդելու եւ ամբողջական խաղաղութիւն ապահովելու համար:
Զեկոյցը պատրաստուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, քաղաքացիական բնակավայրեր կատարած այցելութիւններուն, քաղաքացիներուն հետ ունեցած առանձնազրոյցներու, պետական լիազօր մարմիններէն ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ նպատակ ունի փաստագրել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման դէպքերը եւ անոնց զանազան դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ: