ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Փարթամ կնոջ պչրանքը… Պարուհիի քմայքը…Նորելուկ աղջիկի ծեքծեքումը… Օրիորդիկի մը չկամութիւնը… Նորահարսի սիգանքը… Պարմանուհիի չեմ ու չում ընելը… Չէ՛, յարգելի ընթերցող, մարդկային նկարագիրներու նուիրուած ցուցահանդէսի մը դիմանկարներ չեն ասոնք: Բայց եթէ ուզէք հոգեկան այս բոլոր վիճակները մէկ բառի մէջ ամփոփել՝ կը թելադրեմ, որ օգտագործէք «նազ» բառը: Այսօր ձեզի կը ներկայացնեմ այդ օտարականը. քաղցրալուր բառ մը, որ նազելաճեմ ոտքով մտաւ հայոց աշխարհ, հմայեց մեր բանաստեղծներն ու աշուղները ու գրաւեց անոնց սիրտերը, ինչպէս Սայաթ Նովայի գովերգած Նազանին, որ խաբով կը գրաւէր նաւեր:
Իրանական փոխառութիւն է «նազ» բառը: Բուն կը նշանակէ քմայք եւ հաճոյք: Ըստ երեւոյթին, անիկա ցանկալի էր բոլոր ժողովուրդներուն համար, ուստի դարձաւ ամենազգի բառ. վրացերէն՝ նազի, օսմաներէն՝ նազ, յունարէն՝ նազի, ալպաներէն՝ naz եւ naze, իսկ ռումաներէն՝ nazuri:
Հիներուն մօտ, ոսկեդարեան գրաբարին մէջ գոյութիւն չունի անիկա: Իր իմաստին համաձայն, անիկա հայոց մայրենին մտաւ քնքոյշ ու դանդաղ քայլերով: Միջնադարուն անիկա սեղմուեցաւ մեր գիրկին մէջ: Հեզ էր ու հնազանդ: Իբրեւ բայ ընդունեց «նազիմ» եւ «նազաբանել» (պարծանքով խօսիլ) ձեւերը: Ապա ստացաւ ածականի զարմանազան, նուրբ ձեւեր՝ յաճախ յայտնուելով մեղմ աղջկան մը փէշին տակ: Իրօք, «նազ» բառը իգական պատկեր ունի հայոց լեզուին մէջ: Սիրունատես են «նազ» ընող մեր բառերը՝ նազագեղ, նազաճեմ, նազանք, նազաքայլ, նազելագեղ, նազելաժպիտ, նազելաշնորհ, սիգանազ, գեղեցկանազ… «Նազ» բառը մեզի շնորհեց նաեւ պատկերալից արտայայտութիւններ: Ովքե՜ր եւ ինչե՜ր չարժանացան այդ ածականին: Ահա հայկական գրականութեան էջերէն առնուած հինգ պատկերներ. նազելաշուք դուստր, նազելաշուք օրիորդ, նազելաշուք Մարմարա, նազելաշուք եղեւնիներ, նազելաշուք սիրուհու հեւք ու յուշք: Նկատելով, թէ «նազ» բառը լաւ կը քալէ «ճեմել» բային հետ՝ յօրինեցինք գրական նորանոր պատկերներ. նազելաճեմ պար, նազելաճեմ հարս, նազելաճեմ ոտք, նազելաճեմ սիրամարգ:
Վանայ ծովու նազելաշուք հայելին դիտելով՝ Գրիգոր Նարեկացին ստեղծեց «նազ» պարունակող մեր առաջին արտայայտութիւնները. «Նազելի պարկեշտութիւն», «Նազելի քահանայութիւն», «Նազելի նշան», «Բան նազել»ջ, «Նուէր նազելի», «Աղաւնին յաւէտ բարգաւաճեալ գեղեցկազարթութեամբն երեւելի նազելի»:

«Նազ» բառը, իր ծանր կեցուածքով, բազմաթիւ հոմանիշ համակիրներ հաւաքեց իր շուրջը. պատկառելի, պանծալի, պաշտելի, պարկեշտ, մեծավայելուչ, մեծարգոյ, նուիրական ու շքեղ: Ապա դարձաւ դարձուածք. «Նազ ծախել»՝ հպարտանալ, մեծութիւն ցոյց տալ, «Նազը քաշել»՝ մէկու մը նազկտելուն համբերել: Իբրեւ անուշ հնչող բառ՝ անիկա դանդաղօրէն դարձաւ հայուհիներու ցանկալի անձնանուն… ԺԳ. դարուն՝ Նազուտ, ԺԴ. դարուն՝ Նազմելիք, ԺԵ. դարուն՝ Նազիկ, Նազխաթուն, ԺԶ. դարուն՝ Նազլու, Նազուկ, Նազեքար, Նազանդար, իսկ ԺԷ. դարուն՝ Նազլում, Նազլուխան: Իր գեղեցկութեամբ, ինչպէս նաեւ երգելու եւ պարելու արտասովոր տաղանդով, անիկա դարձաւ Բակուր Սիւնի իշխանին հարճը՝ Դանիէլ Վարուժանի գրական հերոսուհի Նազենիկը: Իսկ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ, զանազան բնակավայրեր ցանկացան «նազ» ունենալ իրենց անունին մէջ. «Նազաջուր»՝ Կարնոյ մէջ Հասանքալա գիւղաքաղաքի մօտակայքը, Արաքսի ձախակողմեան վտակին վրայ գիւղ, «Նազել»ջ՝ Գեղամայ լեռնաշղթայի լեռնագագաթը, «Նազիկ»՝ Բաղէշ քաղաքի Խլաթ գիւղաքաղաքին մէջ գիւղակ, «Նազիկ, Նազուկ»՝ քաղցրահամ, հանդարտ ջուրով լիճ՝ Վանայ լիճի հիւսիս-արեւմտեան կողմը:
«Նազ» բառը – չենք գիտեր, թէ իր ոսկեթել տարազի շրշիւնն էր պատճառը, թէ դաւշեայ հողաթափերու լուռ քայլը – հանդարտ բազմեցաւ փարթամ դահլիճներու մետաքսեայ բարձիկներու վրայ ու ներշնչեց սիրավառ աշուղներու քնարը: 1550ականներուն, Նազիկ լիճէն ոչ շատ հեռու, Վանայ ծովու միւս կողմը, Արճակ լիճի ափերուն իր եարը գովերգած աշուղ Նահապետ Քուչակը երգեց.
«Խալտեցայ, խալատ մ՛արի,
Ան գէշէն պագիկ մ՛ուզեցի.
Ան գէշն ալ ի նազ ելաւ,
«ՉեԲմ ի տար, անունս աւըրի»:
Տաղասաց Նաղաշ Յովնաթան, Սայաթ Նովայի նախորդը եւ հոգեշնչող վարպետը, 1700ականներուն, սեւաչեայ գեղեցկուհի մը դիտելով՝ երգեց. «Նազելի ծաղիկ, տամ քեզի բարեւ / Ետ բաց երեսիդ վրայ չարշաւն (լաչակը)… Նոր փռուած վարդի նման ես / Ափսոս որ խիստ շատ նազ կ՛անես»: Իսկ Սայաթ Նովան, սիրաբանեցաւ «նազ» բառին հետ. «Մո՛ւտ բաղչէն նազով, քիզ գովիմ սազով, եար, իլթիմազով…, Սայաթ Նովա, նազլու յարին գնած նոքարի նման իս…, Թէ խամ հաքնիս, թէ զար հաքնիս, կու շինիս ղումաշ, նազանի / Էնդու համա քո տեսնողն ասում է. վա՜շ, վա՜շ, նազանի…, Արիվիլք, արիւմուտ, հարաւ ու հիւսիս / Չկայ քիզի նման չափով, նազա՛նի»:
Պոլսոյ մէջ, Պոսֆորի ափերուն, Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը յօրինեց հեզաճկուն գրական պատկերներ. «Գնաս նազով ճեմական…, Ճեմես ճօճաս ի նազ սիգական…, Նազելի վարդն իմ պատուական»: Քէօմիւրճեանէն յիսուն տարի ետք, արքայական նոյն քաղաքին մէջ Պաղտասար Դպիրը յօրինեց զարմանալի երգ մը՝ «Զարթի՛ր, Նազելի»: Առաջին հայեացքով, ունկնդիրները կ՛ունենային այն տպաւորութիւնը, թէ երգը նուիրուած է գեղեցկուհիի մը: Մինչդեռ, այլաբանական այս ստեղծագործութեան մէջ գովերգուած նազելին՝ Հայաստան աշխարհն էր: Բանաստեծ հոգեւորականը, հայրենիքին դիմելով իբրեւ նազելի սիրուհի՝ կ՛աղերսէ, որ ան արթննայ իր արքայական քունէն եւ ազատի օտարի լուծէն.
«Ի ննջմանէդ արքայական
Զարթի՛ր, նազելի՛ իմ, զարթիր,
Եհաս (հասաւ) նշոյլն արեգական,
Զարթի՛ր, նազելի՛ իմ, զարթիր»:
Պաղտասար Դպիրը ունէր նաեւ սիրային տողիկներ: Ահա օրինակ մը. «Իմ նազելի սիրուն սիրասուն, մի՛ մոռնար զիս, / Իմ աչաց լոյս, սրտի բերկրութիւն, մի՛ թողուր զգերիս»:
19րդ դարուն, բառս, բարեխիղճ հոգի, չմերժեց հայ բանաստեղծին աղերսը, հիւր եկաւ անոր մօտ, լալու չափ երջանկացուց զայն, սեղմուեցաւ անոր գիրկին մէջ, շօշափեց երեսը աննշմար եւ երակները լեցուց քաղցր շունչով: Այդ գիշեր յղացան քնքոյշ տողիկներ. «Ճառագայթը արեւէն փրթած խարտեաշ մազ նրբին՝ պայծառ կը ծագի՝ ծածանելով թոյլ նազով»՝ Արշակ Չօպանեան, Փարիզ, 1908, «Ո՜վ նազելաճեմ, դու ձիւն սպիտակ»՝ Կարապետ Ոսկեան, Պոլիս, 1911, «Վերնայարկ պատշգամին վրայ շողշողաց նազելաշուք դէմք մը, լիակատար լուսնկային պէս պայծառ»՝ Վ. Մ. Քիւրքճեան, 1924, Նիւ Եորք, «Շիրազի վարդի անմար նազովն է / Շող պատկերը քո»՝ Ալմաստ օփերա, «Այնպէս նազիկ, այնպէս թեթեւ, / Այնպէս օրօր քայլում ես դու»՝ Վահան Տէրեան, «Երգս լսիր, քեզ եմ ձօնել, / Հազար ու մէկ նազով աղջիկ»՝ Գուսան Իգաթ: Նազիկ տողեր յայտնուեցան նաեւ Կիւմրի քաղաքին մէջ. Աւետիք Իսահակեանն էր հեղինակը, որ կը սիրէր ֆայտոն նստած երգեր ածել. «Քնքոյշ հովիկ, իմ նազելուց քաղցր բուրմունք հետդ բե՛ր…, Քոյր իմ նազելի, նայիր քո դիմաց վիրաւոր, աւեր սիրտս եմ բացել…, Նազ մի՛ անիր, նազիդ մատաղ…, Անգին եարիս լոյս երեսին կարօտ եմ, / Նազուկ մէջքին, ծով-ծամերին կարօտ եմ»: Իսկ Կոմիտաս վարդապետը գրառեց եւ յօրինեց տողեր, որոնք ունէին գեղջկական համ ու հոտ. «Նազով կը գաս յուշիկ, նուշիկ…, Քյա՛ նազերով, քյա՛ խորոտիկ, վի՞րն ես տյու…, Նազ կու էնեմ, նազ կու էնեմ, նազ, տղայ, Նազ մի՛ անիր, նազ մի՛ անիր, նազ աղջիկ…, Անուշիկ նազեր, խելքս տարաւ քու մազեր…, Աղջի նազերով, շէկ-շէկ մազերով…, Գերեցիր ինձի հազար նազերով…, Նազան, դու բարով եկար, կանաչ սարերով եկար»:
Քիչ չեն այն երգերը, որոնք «նազ»ով են հիւսուած. «Նազ մի անի», «Նազ աղջիկ», «Նազան իմ եարը», «Անցնում ես նազով», «Եար քելէ նազով»… Ո՞վ չէ լսած Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերը, որոնք արժանացած էին երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի քաղցր եղանակին. «Նազով աղջիկ, / Թուխ մազով աղջիկ, / Ծաղիկ ես չթառամես, / Մուրազով աղջիկ», կամ՝ Գուսան Շերամի ուրախ երգը, որ ունէր գարնան ժպիտ իր դէմքին. «Նա մի նազ ունի, / Նազ ունի, նազ ունի, / Ձեռքին սազ ունի, / Սազ ունի, սազ ունի»: Իսկ ես, այսօր, յարգելի՛ ընթերցող, կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ «նազ» երգերու ամէնէն նազելիով՝ Գուսան Աշոտի «Սարի սիրուն եար» երգով, որ մեխակներով լի զամբիւղ մը ձեռքին՝ ծուարեցաւ հայկական երգարուեստի գիրկը, եւ կէս դարէ ի վեր կը շարունակէ մեր քիմքերը շոյել ու մեր երակները սիրոյ կրակով լեցնել.
«Հազար նազով, եար, հովերի հետ եկ,
Ծաղիկ փնջելով՝ սարւորի հետ եկ,
Սեւ ձիուս վրայ ձեր գիւղն եմ եկել,
Դուռդ փակ տեսել, մոլոր մնացել:
Սարի սիրուն եար, սարի մեխակ բեր,
Ա՜խ, չէ ի՞նչ մեխակ, սիրոյ կրակ բեր»: