
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալտաօ եւ Էտըմ Շիֆ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին՝ Արցախի անկախութեան 31ամեակին առիթով:
Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը կը զօրակցի հայ ժողովուրդին, «որովհետեւ դուք անհաւանական տոկունութեամբ կը դիմակայէք Ատրպէյճանի սպառնալիքները եւ շարունակուող մարտահրաւէրները»:
Քոնկրեսականները նաեւ կը վստահեցնեն, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կը շարունակեն պահանջել, որ Պաքուի եւ Անգարայի վարչակարգերուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուին, 2020ին Արցախի դէմ ռազմական անարդարանալի գործողութիւններուն համար, որոնք մինչ օրս կը շարունակուին:
«Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղենք յատկանշական աջակցութիւն յատկացնելու Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած ընտանիքներուն եւ անոնց, որոնք քաջաբար կը մնան ձեր երկրին մէջ այդ մահաբեր յարձակումներէն ետք: Այս հակամարտութիւնը կ՛ընդգծէ միջազգային դերակատարներու կողմէ նախագահ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու խիստ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները եւ բարեխղճօրէն վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին: Մենք նաեւ կարեւոր կը նկատենք Արցախի ժողովուրդի ուղղակի մասնակցութիւնը խաղաղութեան բանակցութիւններուն», կը շեշտուի նամակին մէջ: