ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հոկտեմբեր 9ին «Միասնական Չաւախք» ժողովրդական դաշինք» հասարակական կազմակերպութիւնը դիմած է Վրաստանի նախագահ Սահակաշւիլիին, Ախալքալաքի շրջանին մէջ Հոկտեմբեր 5ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները չեղեալ յայտարարելու առաջարկով:
Ընդդիմադիր «Արդիւնաբերութիւնը կը փրկէ Վրաստանը» կուսակցութեան միացած հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները համոզուած են, որ Ախալքալաքի շրջանին մէջ ընտրութիւններու արդիւքները կեղծուած են:
Մասնաւորապէս համամասնական կարգով, ըստ «Միասնական Չաւախք»ի ներկայացուցիչ Աղասի Սուրէնեանի, «Արդիւնաբերութիւնը կը փրկէ Վրաստանը» կուսակցութեան ձայները 70%էն իջեցուած են 30%ի:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 5ին ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու ժամանակ ընդհարում տեղի ունեցած է իշխանական «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր «Արդիւնաբերութիւնը կը փրկէ Վրաստանը» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: