
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 E Mountain St, Pasadena, CA, 91104), 23-25 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայկական ֆիլմերու նուիրուած փառատօն մը, ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ։
Պիտի ցուցադրուին հետեւեալ ֆիմլերը.
– No Thanks (Կերի Կանանեան, Պրազիլ)
– This Land (Մայքըլ Ալոյեան, Միացեալ Նահանգներ)
– Echoes of Kef Time (Աւօ Ճան Քամպուրեան, Միացեալ Նահանգներ)
– Taniel (Կարօ Պէրպէրեան, Բրիտանիա)
– Le Piano (Լեւոն Մինասեան, Ֆրանսա)
– Art in Motion (Հայկ Մաթէոսեան, Միացեալ Նահանգներ)
Յաւելեալ տեղեկութիւննրու կամ տոմսեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը: