ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Յարգելի ընթերցող, 145 տարի առաջ, Վանայ մէջ տեղի կ՛ունենային անարդարութիւններ եւ մէկ ազգը կը փորձէր միւսին ստրկացնել: Խրիմեան Հայրիկ ապշած նկատեց, թէ հզօր պետութիւնները հանդիսատեսի դերի մէջ են՝ չէզոք. այդ օր Հայրիկը խոր խոցով շշնջաց. «Կատակ կ՛առնեն զմեզ», իր խօսքերով՝ «…Աշխարհիս ազատ եւ հզօրացեալ ազգեր կ՛այպանեն ծաղր ու կատակ կ՛առնեն զմեզ…»: Հայրիկի ակնարկած «կատակ»ը ծիծաղելի չէր, այլ՝ գէշ երազ մը, չա՛ր: Ուստի, այսօր որոշեցի «կատակ» բառին կէս լուրջ կէս կատակ պատմութիւնը ձեզի պատմել, որ դուք եւս տեսնէք, թէ – կատակ չէ գրածս – «կատակ» բառին պատմութիւնը շատ դառն է, աւելի արցունք կը պարունակէ, քան՝ ծիծաղը: Այժմ սկսինք լեզուական եւ գրական ճանապարհորդութեան մը եւ, ինչպէս Յակոբ Պարոնեան «Կսմիթներ» գիրքին մէջ կ՛ըսէ, «Տեսնենք, սա կատակերգութեան վերջը ո՛ւր պիտի երթայ»:
Բնիկ հայկական բառ է «կատակ» գոյականը: Բուն՝ կը նշանակէ «խօսիլ, ըսել, անուանել, հաշուել»: Չենք գիտեր, թէ ո՛վ էր հայոց «կատակահայրը», բայց լուրջ իրականութիւն է, թէ Աստուածաշունչի մէջ անիկա կը նշանակէր ծաղրանք, հեքնանք եւ նշաւակ: Առակներու գիրքը կը խրատէ չկատակել աղքատներու հետ. «Որ կատակէ զաղքատով՝ բարկացուցանէ զԱրարիչ նորա»: Նոյնը խօսած էր Խրիմեան Հայրիկը «Վանգոյժ» գիրքին մէջ. «Տէր բարձրեալ եւ ահարկու, Դու կը հայիս եւ կը տեսնաս Երկնից պետական աթոռէդ… զրկանաց դատաստան եւ իրաւունք միշտ քեզ կը թողումք, գիտնալով, որ անօգնական ազգին միակ ապաւէն եւ զօրութիւն Դու ես»:
Հայկական հնագոյն մատենագրութիւնը ունի «կատակ»ներու փոքրիկ բառացանկ մը. կատականք, կատակութիւն, խաղակատակ, խեղկատակութիւն, ծաղրակատակ, կատակագուսան եւ հացկատակ: Մի՛ նայիք, թէ վերջինը իր մէջ «կատակ» ունի, հացկատակը հաճելի երեւոյթ մը չէ, այլ՝ զզուելի. նկատի ունիմ հացի համար շողոքորթող, ուրիշներու տունը փոր կշտացնող պնակալէզ մարդիկ:
«Կատակ» բառով կազմեցինք իմաստուն արտայայտութիւններ. «Կատակը մէկ կողմ»՝ առանց կատակի, լուրջ, «Կատակի դարձնել»՝ խօսքը կամ գործը կատակի վերածել, «Կատակին տալ»՝ կատակի փոխել: Մեր նախահայրերը ըսին «ընդ կատակս»՝ կատակով, «Այպն ու կատակ առնել»՝ ծաղրել ու այպանել: Գուրգէն Մահարին օր մը գրեց. «Չէ՛, կատակը մի կողմ, ինչո՞ւ մենք պէտք է ունենանք… սիրային, աշխատանքային եւ հազար ու մի տեսակ երգեր, իսկ օրօրոցային երգ՝ ոչ»: Պատմավիպագիր Ծերենցը իմաստասիրեց. «Կատակը մէկդի՜, ինչափ ժամանակ դեռ սա կեանքը պիտի տեւէ»:
Կատակասէր ժողովուրդ ենք: Այժմ ունինք՝ կատակաբան տղաներ, կատակաժպիտ աղջիկներ, կատակամոլ երեխաներ, կատակախառն հեգնանքներ, թեթեւամիտ կատակագիրքեր, հայկական բեմի նշանաւոր կատակերգակ դերասաններ, աշխարհահռչակ կատակերգութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ կատակերգեր: Վերջիններու մասին կ՛անդրադառնամ յօդուածիս աւարտին: Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ հոգեւորական, երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետը, իր ճեմարանական աշակերտ Մեսրովբ Մարանջեանի վկայութեամբ, կատարեալ կատակախօս մըն էր. «Պաշտելու չափ կը սիրէինք մեր Հայր Սուրբը… Մանուկներու հետ արտասովոր բարեկամութիւն ունէր: Չէ՞ որ ինքն ալ մանուկ էր հոգուով, պարզունակ, մաքուր բիւրեղ հոգուով եւ անմիջական… զուարթ, կատակախօս»:
Հայու համար քաղաքական դաշտը նեղ էր քրքջալիր զուարճանալու համար, դպրոցական միջավայրը եկաւ յարմար կատակներ զրուցելու: Աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւնը յաճախ ծնունդ տուաւ զուարճալի պահերու: Աշակերտը սիրեց իր դասատուին համար կատակերգեր եւ կատակախառն խօսքեր յօրինել: Այսօր, չենք զարմանար, եթէ ուսուցիչը իր սրամիտ աշակերտին հետ հետեւեալ զրոյցը ունենայ.
Թուաբանութեան ժամուն.
– Մուրատ, ո՞ւր է տնային աշխատանքդ:
– Ինքնասպան եղաւ:
– Այսի՞նքն…
– Պարո՛ն, գիտէք, ինք շատ խնդիրներ ունէր, բայց լուծումներ չկային:
Ուշ-միջնադարուն, յարգելի ընթերցող, կատակը լուրջ պատիժ էր: Ամէն իմաստուն տաղասաց կը սարսափէր այլոց կատակ դառնալէն: Եղիա Բերկրցին զղջաց, որ օտարներու ծաղրանքին առարկայ դարձած է. «Ես այս չարեացս արժան եղէ, յանօրինաց կատակ եղէ»: Կարապետ Բաղիշեցի երաժիշտ-բանաստեղծը զգուշացուց, որ եթէ անտաղանդ է երգիչը, ապա մարդիկ՝ «ծիծաղելով առնեն կատակ»: Մարտիրոս Ղրիմեցի բանաստեղծը օր մը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ, երբ իր հիւրերը մնացին սոված. «Հաւ մի եփել ոչ կարացի, / Այլոց կատակ զիս արարի»: Յակոբ Պարոնեանը, «կատակ» բառի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոր տուաւ երանելի ու ծափահարելի վիճակ. «Նաւավարներն երբեմն գիւղիս մէջ անանկ կտակներ կ՛ընեն ազգին, որ կարծես թէ կատակ կ՛ընեն. նաւավարի մը ըրած կտակն մեր ամէնէն հարուստներն իսկ չեն ըներ»: Ապա լռութիւն՝ մինչեւ Պարոյր Սեւակ: Ըստ երեւոյթին, իրապաշտ եւ գեղապաշտ մեր հեղինակները կատակ վերցնելու տրամադրութիւն կամ կատակով զբաղելու ժամանակ չունէին: «Կատակ» բառը երկար տասնամեակներ մնաց մունջ ու լուռ:
9րդ դարուն, «կատակ» բառը իր միակ ժպիտը ունեցաւ հայկական գրատպութեան մէջ: Բազմաթիւ են այն գիրքերը, որոնք ընթերցողներ զուարճացնելու համար հրատարակուեցան: Այդ գիրքերուն առաջինը լոյս տեսաւ Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքը. «Խտրադիմայ դժրողութեան (դրուժանութեան մարմնացումը), որ է կատակերգութիւն իմն ի չորս գործս բաժանեալ»՝ 1821, Կալկաթա: Ծիծաղը փոխանցիկ ըլլալու է… այս գիրքին հետեւեցան այլեր. «Մոլորեալ ճամբորդը կամ վարժապետին կերակուրը: Կատակախաղ մէկ արարով»՝ 1890, Պոլիս, «Նաֆթի ֆանտան: Կատակ մի արարուածով»՝ 1896, Պաքու, «Կատակերգք Մոլիէրի: Հատոր առաջին»՝ 1905, Զմիւռնիա: 1943ին ալ լոյս տեսաւ Ու. Սարոյեանի աշխարհահռչակ վէպը՝ «Մարդկային Կատակերգութիւն»:
Հայը ունեցաւ նաեւ անուանի կատակախօս կատակերգակներ: Մին՝ Արցախի Աւետարանոց գիւղը ծնած, Վարանդայի իշխան Մելիք-Շահնազարի պալատական կատակաբան, զուարճալի զրոյցներու եւ առակներու հեղինակ Պըլը Պուղին էր (պըլը՝ խենթ, Պուղի՝ Պօղոս), իսկ միւսը՝ Գիւմրի քաղաքի շուկային մէջ ձմեռուկ եւ սեխ վաճառող, առակներու, զուարճախօսութիւններու եւ սրախօսութիւններու հեղինակ, Աւետիք Իսահակեանի դասընկեր, ուրախ-զուարթ բնաւորութեան տէր, սիրուած մարդ Պոլոզ Մուկուչը (պոլոզ՝ բարձրահասակ, Մուկուչ՝ Մկրտիչ), որ, լսածիս համաձայն, կատակելու ժամանակ բնաւ չէր ծիծաղեր, իսկ լսողները ծիծաղէն ուշաթափ կ՛ըլլային: Ի՞նչ պաշտօն ունէր կատակախօսը հայկական հասարակութեան մէջ: Բարոյակա՛ն պատգամ մը բոլորին: Այս այրերուն զուարճախօսութիւնները՝ ժամանցի ու զաւեշտի հետ միասին, ունէին խրատական, բարոյախօսական առողջ նպատակ՝ կը պարսաւէին տեղական կենցաղի արատաւոր ու թերի կողմերը:
20րդ դարուն Պարոյր Սեւակն էր այն սակաւաթիւ բանաստեղծներէն մէկը, որ քերթուած գրեց «կատակ» բառով՝ «Մէկի կողմից երկու կատակերգ՝ երեք աղջկայ վրայ»: Բանաստեղծը շիկացած խոստովանեցաւ.
«Երեք աղջիկ ինձ են սիրում,
Ես՝ երեքին.
Մէկին՝ ի՛մ պէս,
Միւսին՝ ի՛նձ պէս,
Իսկ երրորդին էլ՝
Ինձ նմա՛ն»:
Հնարամիտ հայը երգն ալ վերածեց կատակի: Հայկական երգարուեստը հարուստ է կատակ-երգերով: Այնքա՛ն բազմաթիւ են անոնք, որ ունին իւրայատուկ տեսակներ, ինչպէս՝ բարեկենդանի կատակերգեր, սիրահար աղջկայ ու տղու կատակերգեր, փեսայի ու զոքանչի կատակերգեր, հարսանեկան կատակերգեր, եւ այլն: «Թագւորի՛ մեր, դո՛ւրս արի» հարսանեկան կատակերգը, կատակ չէ՛, ունի 18 տարբերակ: Արցախի ամէնէն սիրուած կատակերգերն են «Տմբլաչի Խաչան» եւ «Դռ դոփ-դոփ: Հըւաքուալը վեր ծափ տան, / Ուրանց թափ տան մե պար կյան, Սրտներենը վեր ասին, / Ըստուր–ընդուր, ըստուր–ընդուր բամբասին»: Կոմիտասը, որ, ինչպէս յիշեցինք, յայտնի կատակախօս էր, ի՛նք եւս գրեց կատակերգ մը՝ «Կոտ ու կէս»: Շիրակի դաշտավայրին մէջ դեռ կը հնչեն «Թոն կու գայ» եւ «Վանայ Էկանք» կատակ-երկերը:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Ուրֆայի սիրուած զուգերգ-կատակերգով մը, որպէսզի հայը երբե՛ք չմոռնայ ծիծաղը.
«Տղայ: Արի՛ գնանք, մեր մեծ բաղը / դէ հոյ նար, նար, նար, նար, / համ սէր անինք համ էլ խաղը / դէ հոյ նար, նար, նար, նար: Աղջի՛կ: Դու էլ գիտես թէ տղայ ես / դէ հոյ նար, նար, նար, նար, / գօտի կապել դեռ չգիտես / դէ հոյ նար, նար, նար, նար»: