Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի:
Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը դրուատեց ՀՕՄի աշխարհատարած գործունէութիւնը՝ յատուկ կանգ առնելով Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կառոյցի ցուցաբերած այն բազմամակարդակ օժանդակութիւններուն վրայ, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի կարիքաւոր գաղթօճախներուն՝ ընդգրկելով բազմակի երեսներ, ինչպէս՝ հայրենիքի մարտիկներու եւ անոնց ընտանիքներուն, լիբանանահայ եւ սուրիահայ աղէտեալ հայրենակիցներու նիւթական, բժշկական, կրթական եւ բարոյահոգեբանական մնայուն օժանդակութիւն՝ ՀՕՄի տեղւոյն դարամանատուներու, մասնաճիւղերու, կամաւորական «բանակ»ի, բարերարներու, բարեկամներու եւ նուիրեալ հայ մայրերու ու քոյրերու ճամբով:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար վեր առաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄի միջեւ դար մը եւ աւելի տեւած յարաբերութիւնը՝ դիտել տալով, որ բոլոր միութիւններէն եւ կառոյցներէն աւելի յառաջադէմ է ՀՕՄը, որ շօշափելի եւ պատկառանք առթող չափի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ աշխարհացրիւ հայկական օճախներուն:

Այս առիթով, սրբազանը շնորհաւորեց այցելու ՀՕՄուհիները՝ վստահեցնելով, որ դեռ երկար կը շարունակուի ՀՕՄի հետ սրտակցական կապը եւ փոխադարձ յարգանքը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ, յատկապէս երբ ազգ եւ հայրենիք որեւէ աղէտի կամ դժուարութեան պահուն այս շրջանին կը նային՝ իբրեւ անմիջական օգնութեան հասնող օրհնաբեր ձեռք ու առատաձեռնութեան խորհրդանիշ:
Մտերմիկ զրոյց-հանդիպումին ընթացքին ՀՕՄուհիները նաեւ արտայայտուեցան իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անդրադարձան յետ համաճարակի գաղութային կեանքին մէջ տիրող ոչ-բարենպաստ մթնոլորտին՝ դիտել տալով, որ ջլատիչ այս մթնոլորտը նաեւ կը դժուարացնէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, եւ այս վիճակի յաղթահարման համար անոնք հայցեցին առաջնորդ սրբազանին խրատը եւ ցուցմունքը:
Սրբազանը յորդորեց ՀՕՄի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը շարունակելու իր հայրենանուէր եւ հայանուէր գործունէութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր պատմական դերին, նախնեաց աւանդին, ինչպէս նաեւ՝ հայրենի եզերքին եւ համայն հայութեան անընդհատ տրուելու ու բաշխուելու իր վսեմ առաքելութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ