ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 16 Սեպտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Ան Ուաշինկթընի ցաւակցութիւնները փոխանցեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջերս ընթացած ռազմական գործողութիւններուն իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերուն համար:
«Նախարարը վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարցերը լուծելու խաղաղ ուղիով։ Ան ըսաւ, թէ դիւանագիտութիւնը միակ ուղին է դէպի յառաջ ընթանալու, եւ նշեց, որ ինք անձամբ ներգրաւուած պիտի մնայ», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Երեւանի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ սանձազերծուած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակին մասին: Ան յայտնեց, որ հակառակ սահմանին յարաբերական հանգիստին` իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած Հայաստանի դիմումին շուրջ քննարկումներուն: Փաշինեան անգամ մը եւս ընդգծեց տեղի ունեցածին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը: