ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, գիտնական Ֆ. Նանսէնի ծննդեան 145 եւ Իզմիրի մէջ «Դէպի բեւեռ» առաջին հայերէն գիրքի հրատարակման 100ամեակներուն նուիրուած տասնօրեակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 10ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Բացման խօսքով ԵՊՀի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Հայկ Աւետիսան խօսեցաւ մեծ մարդասէր, Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Նանսէնի մասին:
Բացման արարողութեան ընթացքին «Ֆ. Նանսէն» հիմնադրամի կողմէ ոսկէ մետալներով պարգեւատրուեցան շարք մը իրաւաբաններ, դասախօսներ, առողջապահութեան նախարար Նորայր Դաւիթեան:
Տասնօրեակի բացման արարողութեան ժամանակ ԵՊՀի պատմութեան բաժինի ուսանողները կարդացին զեկոյցներ Ֆ. Նանսէնի կեանքի եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ իր կողմէ Ազգերու լիկային մէջ Հայկական հարցի բարձրացման վերաբերեալ:
Նշենք, որ տասնօրեակի շրջանակներով ԵՊՀի պատմութեան բաժանմունքի ուսանողական գիտական ժողովը պիտի այցելէ Գորիս, Իջեւան, Գիւմրի, Սպիտակ քաղաքները եւ հանդէս պիտի գայ Նանսէնին նուիրուած շարք մը ելոյթներով:
Ֆ. Նանսէնին նուիրուած տասնօրեակի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19ին, Գ. Սունդուկեանի անուան պետական ակադեմական թատրոնին մէջ: