ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնաին զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը՝ ներկայացնելով Պլինքընի եւ Ալիեւի հեռաձայնային զրոյցի մանրամասնութիւնները:
Պլինքըն ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս համաձայնոցուած ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը: Ան Ալիեւին կոչ ուղղեց՝ պահպանելու զինադադարը, ետ քաշելու զինուած ուժերը եւ աշխատելու Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ բոլոր չլուծուած հարցերը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու: