ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի 18 Սեպտեմբերին, անջատ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ:
Քննարկուեցան նաեւ հայ-ամերիկեան գործընկերութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Փելոսի անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ կատարուած յարձակումին եւ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրս բերման վերաբերող հարցերու: Քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:

Փելոսի վստահեցուց, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ աշխոյժ կերպով նպաստել երկկողմ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման ու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման վերաբերող ծրագիրներուն:
Փաշինեան բարձր գնահատեց այս այցելութիւնը՝ զայն նկատելով աննախընթաց: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Փելոսիին՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առումով անոր ունեցած անձնական ջանքերուն եւ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ անոր պատուիրակութեան ջանքերուն համար:
«Դա իսկապէս բարձր է գնահատւում, եւ նոյնիսկ միայն այդ փաստը հաշուի առնելով, բոլոր հայերը ձեզ համարում են Հայաստանի վստահելի ընկեր: Բայց ես ցանկանում եմ շարունակել երախտագիտութեան խօսքերը, որովհետեւ ցանկանում եմ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել հայկական ժողովրդավարութեանն ուղղուած ԱՄՆի աջակցութեան համար, քանի որ դա նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզ համար: Մենք տեսնում ենք ԱՄՆ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու մեր երկրում ժողովրդավարական օրակարգին: Ցանկանում եմ յայտնել մեր նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգին, չնայած այն հանգամանքին, որ, ինչպէս տեսնում էք, դա այնքան էլ հեշտ ճանապարհ չէ», ըսաւ Փաշինեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու յստակ դիրքորոշումը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ գործուած յարձակումին վերաբերեալ: «Ի հարկէ, ԱՄՆ կառավարութեան կողմից յստակ ձեւակերպումները գնահատելի են, որովհետեւ դա շատ կարեւոր է մեզ համար: Տեղեակ էք, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկել է ներկայ իրավիճակը, եւ մենք յոյս ունենք, ու դա մեր դիրքորոշումն է, որ այս իրավիճակը պէտք է շարունակի մնալ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի օրակարգում եւ այս առումով, ի հարկէ, մենք ապաւինում ենք ԱՄՆ աջակցութեանը», աւելցուց Փաշինեան:
Փելոսի իռ կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան աջակցութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, հակազդեցութիւնը՝ Թուրքիոյ, Արցախի հարցին մէջ, եւ բոլոր մնացած առումներով Միացեալ Նահանգները Հայաստանի ընկեր է:
Ան նշեց, որ Հայաստան տուած այս այցելութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւնը իրեն հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդին սէրը, յարգանքը՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ սէրը՝ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ:
Սուրէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փելոսիին՝ իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար:
Ան Փելոսիին ներկայացուց ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, իսկ Փելոսի իր կարգին անդրադարձաւ այս իրավիճակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Փելոսի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ ունեցաւ հանդիպում, որուն մասնակցեցան «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, նոյն խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան, Աննա Գրիգորեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան եւ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Փելոսիի հետ խօսեցան Ատրպէյճանի նախայարձակումին մասին՝ շատ յստակ կերպով փոխանցելով իրենց դիրքորոշումը, որ անընդունելի է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որ կը շարունակէ պատերազմը: Ըստ անոր՝ խօսքը ռազմաքաղաքական աջակցութեան մասին է: Այդ պատճառով Ատրպէյճան կը դառնայ աւելի սանձարձակ եւ լկտի, կը շարունակէ նախայարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ: Սաղաթէլեան նշեց, որ խօսեցան թիւ 907 բանաձեւին եւ յաջորդ տարի Ատրպէյճանին տրուած օգնութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ան դիտել տուաւ, որ քննարկուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու հարցը, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին ժողովրդավարութեան, Արցախի կարգավիճակին եւ այլ կարեւոր հարցերու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թիւ 907 բանաձեւի մասին ի՛նչ դիրքորոշում յայտնեց Փելոսի՝ Սաղաթէլեան ըսաւ, որ նշուեցաւ, թէ պիտի քննարկեն, միայն յայտարարութիւններով պիտի չբաւարարուին: Վերադարձէն ետք Քոնկրեսին մէջ պիտի քննարկուին եւ բարձրաձայնուին այս հարցերը: