
Կրկնելով 2020ի 44օրեայ անակնկալ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ` 12 Սեպտեմբեր 2022ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը սկսան ռմբակոծել Հայաստանի հարաւային շրջանի Գորիս, Ջերմուկ, Վարդենիս ու Սոթք բնակավայրերը: Այս երկու յանկարծակի յարձակումներուն ընթացքին թշնամի ուժերը անխտիր թիրախ դարձուցին թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքային վայրերը` կոտորելով բազմաթիւ անմեղ բնակիչներ իրենց քանդուած տուներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու գործատեղիներուն մէջ:
Իրենց պատմական հողերուն վրայ ապրող հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ անցեալ տասնամեակներու ի գործ դրուած նմանօրինակ ցեղասպանական արարքներու շարանը, սկսեալ` 1915ի Օսմանեան կայսրութեան համաթուրանական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութենէն, ունի միակ ու յատուկ նպատակ` ՄԻԱՆԳԱՄ ԸՆԴՄԻՇՏ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ: Շարունակաբար աճող տարագիր հայ այրերու, որբերու, տնազուրկ ընտանիքներու եւ հաշմանդամ մարտիկներու թիւը կը հաստատէ ողբերգական այս իրավիճակին ահաւոր իրականութիւնը:
Իր 112 տարիներու մարդասիրական աշխատանքներուն ընթացքին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը` գործունեայ անդամ ՄԱԿի ECOSOC յանձնաժողովին, բազմաթիւ անգամներ շտապած է օգնութեան հասնելու պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ , սժբախտաբար, մարդկային արարքներու անպաշտպան զոհերուն:
Սոյն յայտարարութեամբ՝ ՀՕՄը կը դիմէ քաղաքակիրթ ազգերու, կազմակերպութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ սրտցաւ անհատներու, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական իւրայատուկ շահերը եւ միտումները` գործնականօրէն զօրավիգ կանգնին համամարդկային արդարութեան ու խաղաղութեան անյետաձգելի եւ յաճախ անտեսուած անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ խնդրելով, որ արդար դիրքորոշումով դատապարտեն վայրագ ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դէմ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ