Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի հետ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ լուրը հաղորդեցին Հայաստանի կառավարութենէն:
Փաշինեան մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն՝ ընդգծելով ատրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան, որոնց կարգին՝ Իրանի համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց իրանեան կողմի յստակ գնահատականներուն գծով եւ կարեւոր նկատեց ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմանի սերտ փոխգործակցութիւնը:
Ռայիսի նշեց, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն՝ աւելցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ուղիով:
Ըստ անոր՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգուի:
Ռայիսի շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման՝ աւելցնելվ, որ Հայաստանի ապահովութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկու պետութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ընդլայնման շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: