ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի ամավարկէն առողջապահութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 47 միլիառ 573.82 միլիոն դրամ, նախորդ տարուան 39.43 միլիառ դրամի փոխարէն: Այս գումարէն առողջապահութեան բնագաւառի պետական կառավարման պիտի տրամադրուի 844.1 միլիոն, հակահամաճարակային ծառայութիւններուն՝ 2.95 միլիառ դրամ:
2006ի համեմատ, 2007ին մօտաւորապէս 2ական միլիառով պիտի աւելնան հիւանդանոցային եւ նախնական բժշկական օգնութեան յատկացումները՝ կազմելով համապատասխանաբար 16.84 միլիառ եւ 16.76 միլիառ դրամ: