ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու օգնութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ, Իրաքէն Հայաստան տեղափոխուած է եօթը ընտանիք՝ 30 անձ. չորս ընտանիք Հայաստան եկած է անցեալ տարի, երեքը՝ այս տարի, Սեպտեմբերին:
Այժմ հաշուառուած է իրաքահայերու 95 ընտանիք, որոնք ցանկութիւն ունին տեղափոխուելու Հայաստան:
Այս մասին յայտնեց հիմնադրամի ատենապետ Սարգիս Դերձակեան եւ նշեց, որ հիմնադրամը մէկ տարուան ընթացքին ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին կը յատկացնէ 1000 տոլար, որմէ յետոյ ընտանիքը ինք պէտք է հայթայթէ իր եկամուտները:
Ըստ Հայաստանի մէջ հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գայեանէ Մուրադեանի՝ Հայաստան ժամանած բոլոր իրաքահայերը տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթի գործակալութեան կողմէ կը ստանան կեցութեան կարգավիճակ: