ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահ Պոկտան Պորուսեւիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 6ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կրակին մօտ:
Ըստ Պորուսեւիչի, հայ ժողովուրդի տառապանքը պէտք է դառնայ նաեւ ապագայի համար հեռանկար: Նշելով, որ լեհ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան ընթացքին ապրած է ողբերգական դրուագներ՝ Լեհաստանի Ծերակոյտի նախագահը յորդորեց յիշել պատմութիւնը, սակայն չմոռնալ ապագայի մասին, քանի որ «քաղաքական գործիչների պարտականութիւնն է նաեւ մտածել ապագայի մասին»:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր Պորուսեւիչ թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրեց. «Այս ողբերգութեան առջեւ պէտք է յիշել պատմութեան, հայ ժողովրդի ողբերգութեան մասին՝ չմոռանալով սակայն ապագան: Իսկ լաւ ապագան այս տարածաշրջանում բոլորի հետ լաւ յարաբերութիւններն են»:
Նշենք, որ 2005ի Ապրիլ 19ին Լեհաստանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: