Արցախի մէջ, Կիրակի, 9 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին աւարտեցաւ քուէարկութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, եւ փակուեցան բոլոր 5 ընտրատեղամասերը: Քուէարկութեան աւարտէն ետք, ըստ Արցախի Մարտակերտի եւ Մարտունիի տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն ստացուած տուեալներուն, ընտրութիւններուն մասնակցեցան 698 ընտրող կամ ընտրողներուն 41.72 տոկոսը:
«Արմէնփրէս»ը յայտնեց, որ, Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն փոխանցեցին, թէ մասնակցողներու թիւը, ըստ ընտրական տեղամասերուն, կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.
Մարտակերտի շրջան. Ծմակահող՝ 168 ընտրողներէն 122 կամ 72.62 տոկոս, Մոխրաթաղ՝ 264 ընտրողներէն 161 կամ 60.98 տոկոս, Նոր Ղազանչի՝ 123 ընտրողներէն 67 կամ 54.47 տոկոս, Վանք՝ 1032 ընտրողներէն 299 կամ 28.97 տոկոս։ Մարտունիի շրջան. Խերխան՝ 86 ընտրողներէն 49 կամ 56.98 տոկոս:
Ըստ Արցախի ոստիկանութեան հաղորդած տուեալներուն՝ ՏԻՄի ընտրութիւններուն ընտրողներու քուէացանկերուն մէջ ընդգրկուած էին 1673 ընտրողներ: