Ազդեցիկ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ՝ դադրեցնելու Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութիւնը, դատապարտելով քարիւղի գիները բարձրացնելու նպատակով ՕՓԵՔի որոշումը, զոր Ռուսիոյ աջակցելու համազօր քայլ մը նկատեց:
«Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ պարզապէս կարելի չէ կրաւորական դիրք որդեգրել. կա՛մ կ՛աջակցիք ազատ աշխարհի մնացեալ մասին՝ փորձելով խանգարել պատերազմական ոճրագործին ամբողջ երկիր մը ջնջելու փորձը, կա՛մ կ՛աջակցիք անոր», յայտարարեց Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Մենենտեզ՝ աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը ընտրած է վերջինը՝ սարսափելի որոշում տալով, որ թելադրուած է տնտեսական շահերով»: