ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմադիր ուժերուն համակիրները Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին Պէյրութի «Ռիատ Սոլհ» եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ բոլորեցին իրենց ցոյցերուն առաջին շաբաթը, մինչ կառավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ իշխանութեան վրայ մնալու իր կեցուածքին վրայ:
Ընդդիմադիր ուժերը կը պահանջեն ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմել եւ այդ նպատակով կոչ ուղղեցին երկրին բանուորական միութիւններուն, որ միանան իրենց յայտարարած բաց ցոյցին։
Նշենք, որ այս ծիրին մէջ ընդդիմադիր ուժերուն հետեւորդ աշխատաւորական խորհուրդներուն ներկայացուցիչները Չորեքշաբթի օր «Ռիատ Սոլհ» հրապարակին վրայ գտնուող վրաններէն մէկուն մէջ գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն՝ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն բաց նստացոյցին մասնակցելու կոչ կ՚ուղղեն առեւտրական, աշխատաւորական, ճարտարարուեստի թէ երկրագործական բոլոր միութիւններուն։
Նշենք նաեւ, որ օրըստօրէ Պէյրութ վրանաքաղաքի աշխուժութիւնը կ՚աւելնայ եւ յաւելեալ ծրագիրներ կը գործադրուին ընդդիմադիր բոլոր ուժերու անդամներուն մասնակցութեամբ։
Յետմիջօրէին՝ պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքի, ինչպէս նաեւ դպրոցներու եւ համալսարաններու ժամերուն աւարտէն ետք հրապարակները աստիճանաբար սկսան լեցուիլ, իսկ երեկոյեան ժամը 6ին, արդէն իսկ հրապարակները լեցուած էին եւ պատրաստ՝ լսելու օրուան պատգամը փոխանցող ղեկավարներուն խօսքը։ Անոնցմէ մէկն էր «Հըզպալլա»ի ղեկավար շէյխ Հասան Նասրալլան:
Նշենք, որ նստացոյցին մասնակցողներուն թիւը օրըստօրէ կ’աւելնայ եւ ինքնաբերաբար յաւելեալ վրաններ կը լարուին այդ պատճառով։
Ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն համաձայն նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին, յատկապէս Կիրակի օր նստացոյցին մասնակիցներուն թիւը պիտի բարձրանայ անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած հաւաքի ցուցարարներուն թիւէն՝ այն յոյսով, որ Կիրակի օր կ՚ըլլայ նստացոյցին աւարտը՝ կառավարութեան հրաժարումով։
Նստացոյցի վայր կ’այցելեն մեծ թիւով երեսփոխաններ՝ զօրակցելու համար ցուցարարներուն։
Միւս կողմէ, Լիբանանի կառավարութեան համակիր ցուցարարներ Հինգշաբթի օր կառավարութեան ի նպաստ ցոյց մը կատարեցին հիւսիսային Լիբանանի Աքքար շրջանին մէջ:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյման Հինգշաբթի օր կոչ ըրաւ զինուորներուն, որ չէզոք մնան, միաժամանակ կոչ ըրաւ քաղաքական ղեկավարներու, որ փոխադարձ զիջումներու դիմելով վերջ տան երկրին մէջ տիրող սուր լարուածութեան: