
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
Ամերիկա Եւ Հայերը
«Նիւ Եորք Իվնինկ Փոսթ»ը հրատարակած է շահեկան մէկ գրութիւնը Պերլինի նախկին դեսպան Ճէյմզ Ճերարտի, որ վախ կը յայտնէ, թէ Դաշնակիցները պիտի զոհեն Հայաստանը, եթէ Միացեալ Նահանգները իր բարոյական ծանր պարտականութիւնը չկատարէ։
Մեծանուն հայասէրը կը գրէ. «Զինադադարէն ետք, Արեւելքի հարցերուն հանդէպ Միացեալ Նահանգներու վարած վարանոտ, թէեւ բարեմիտ քաղաքականութիւնը առիթ ընծայեց, որ թուրքերը կազմակերպուին մեծ պատերազմին մէջ մեզի գործակից երկու պետութիւններու գործօն աջակցութեամբ։
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իր յօժար կամքով ձեռնամուխ եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցին եւ ասով մօտաւորապէս երկու տարիով ուշացուց խաղաղութեան կնքումը Թուրքիոյ եւ Դաշնակիցներուն միջեւ։ Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայաստանի հանդէպ ստանձնեց որոշ յանձնառութիւններ, զորս չիրականացուց։
«Ոչ ոք կը սպասէ մեզմէ, որ պատերազմ յայտարարենք Թուրքիոյ դէմ։ Նոյնիսկ անհրաժեշտ չէ, որ պատերազմ յայտարարենք Թուրքիոյ դէմ, պաշտպանելու համար մեր իրաւունքները եւ կատարելու համար մեր պարտականութիւնները։ Ինչ որ մենք կրնանք ընել, եւ պէտք է որ ընենք, այն է, որ մենք գործադրենք մեր բարոյական բովանդակ ազդեցութիւնը ապահովելու համար կատարեալ արդարութիւն Հայաստանի համար։
«Մեր կառավարութիւնը պէտք է պնդէ, որ Դաշնակիցները գործադրեն Սէվրի դաշնագրի հայկական մասը։ Ան պէտք է յայտնէ Թուրքիոյ, որ իր յարաբերութիւնները չպիտի վերահաստատէ Թուրքիոյ հետ, մինչեւ որ այս վերջինը համաձայնի Սէվրի դաշնագրի այդ տրամադրութիւններուն իրագործման։
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կրնար խուսափիլ Հայաստանի հանդէպ իր որոշ պատասախանատուութիւններէն, առանց այպանելի դառնալու»։
Հոկտեմբեր 17, 1922, թիւ 897