ՀԲԸՄի 92րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 8 Հոկտեմբերին, մասնակցութեամբ 25 երկիրներէ ժամանած պատուիրակներու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի Հայաստանի կեդրոնատեղիին մէջ, բարձրակէտն էր հինգ օր տեւած յայտագիրի մը, որ կ՛ընդգրկէր հիմնական միջոցառումներ։
Աշխարհատարած մեր շրջանակներէն եկած 250 պատուիրակներ եւ հիւրեր ժամանած էին Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Թայլենտէն, Քաթարէն, Իրաքէն, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄի հինգ մայրցամաքներու համաշխարհային ցանցը ներկայացնող բազմաթիւ վայրերէ: Ի յաւելումն, հարիւրաւոր անդամներ եւ բարեկամներ առցանց հետեւեցան ժողովին:
ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց ներկայ պահու լրջութիւնը եւ ստիպողականութիւնը, յայտնելով թէ վտանգուած է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ գոյութենական սպառնալիքներ։
«Մէկ կողմ պէտք է դնենք տարակարծութիւնները եւ կեդրոնացնենք մեր ողջ ներուժը առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար: Մենք չենք կրնար ըլլալ կողմնակալ, կամ վրէժխնդրութեան գերին դառնալ: Պէտք է միացնենք եւ գործի դնենք մեր միջոցները: Այս բոլորէն վեր կարեւոր է զարգացնել հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ առողջ եւ փոխադարձ յարաբերութիւնները», յայտարարեց Սեդրակեան։
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ միասնականութեան եւ համերաշխութեան կոչ ըրաւ եւ ըսաւ. «Մեզ համար էական է, որ դուք այս վճռորոշ ժամանակներում չյետաձգեցիք Ընդհանուր ժողովը եւ եկաք այստեղ: Ձեր ներկայութիւնը մեզ համար կարեւոր է, եւ «մեզ» ասելով նկատի ունեմ մասնաւորապէս Հայաստանի քաղաքացիներին եւ առաւել եւս Հայաստանի կառավարութեանը»: ՀԲԸՄի կառոյցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս Գերմանիոյ նորաստեղծ մասնաճիւղի համահիմնադիր Կէորկի Համբարձումեան, Ցիւրիխի Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբի համանախագահ Էլիզապէթ Սթամպուլի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչական ժողովի նորանշանակ տնօրէնուհի Նաթալի Գաբրիէլեան ելոյթներու ընդմէջէն վերանորոգեցին իրենց յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը զօրաշարժի ենթարկուելու եւ գործելու ի շահ համայն հայութեան:
Ընդհանուր Ժողովը վաւերացուց 2020-2021 տարեշրջաններու ընդհանուր նիւթական եւ բարոյական տեղեկագրութիւնները, որոնք բոլորն ալ կ՛արտացոլէին վերջին երկու բուռն տարիներուն հայութիւնը պատուհասած աղէտներու ընթացքին արձանագրուած նուիրատուներու, կամաւորներու եւ նոր ծրագիրներու շօշափելի աճը: Անցնող երկու տարիներուն ՀԲԸՄի ձեռնարկած բազմաթիւ համարձակ նախաձեռնութիւնները դրսեւորեցին Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ Սփիւռքի ունեցած հաւատքը եւ լայնածաւալ օգնութեան ճիգերը համակարգելու կարողականութիւնը. աշխատանքներ, որոնք համաճարակի, 2020ի Պէյրութի նաւահանգիստի աւերիչ պայթումի եւ 2020ի Արցախեան պատերազմի օրերուն իրենց ուսերուն վրայ կրեցին ՀԲԸՄի տեղական գրասենեակները:
Այս Ընդհանուր ժողովին եւս տեղի ունեցան պարգեւատրումներ։ ՀԲԸՄի «Նուիրեալ Ծառայութեան մրցանակներ»ը յանձնուեցան Մոնթրէալի եւ Ուրուկուէյի մասնաճիւղերուն, որոնք նորարար եւ մանրակրկիտ կիրարկման նախագիծեր մշակած էին, զարգացնելով իրենց համայնքները եւ ընդարձակելով իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Մատրիտի Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը՝ առ ի գնահատանք ճգնաժամերու, յատկապէս Արցախի 44օրեայ պատերազմի օրերուն երիտասարդ սերունդը զօրաշարժի ենթարկելու ուղղութեամբ գործադրած հիանալի ճիգերուն։
Միութեան պաշտօնէութեան անդամներ նոյնպէս յիշուեցան իրենց մատուցած երկարամեայ ծառայութիւններուն առիթով, արժանանալով ՀԲԸՄի նախագահի մրցանակներուն, ինչպէս ՀԲԸՄի Հայաստանի գրասենեակի ելեւմուտքի բաժինի տնօրէնուհի Լենա Պաղտասարեան եւ Արցախի ծրագիրներու ղեկավար Սասուն Պաղտասարեան:
Վերջին պարգեւատրեալը եղաւ ՀԲԸՄի գործադիր տնօրէնուհի Անիթա Անսըրեան, ՀԲԸՄի Կեդրոնական գրասենեակին մէջ իր 35ամեայ ղեկավար գործունէութեան առիթով։
Հուսկ, երախտագիտութեան յուզումնալից արտայայտութեան վերջին անակնկալ պահուն, ՀԲԸՄի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Սէմ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սեդրակեանին, 20ամեայ իր նախագահութեան տարիներուն ցուցաբերած տեսլականին եւ ձգած ազդեցութեան համար:
2020-2021 տարեշրջաններու երկամեայ տեղեկագրին ծանօթանալու համար այցելեցէ՛ք կայքէջը:
Ընդհանուր ժողովի առաջնահերթութիւններէն մէկը ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծումներով հետաքրքրուած տարբեր կողմերու միջեւ բաց երկխօսութեան քաջալերումն էր:
Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամները Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեցին ՀԲԸՄի ապագայի տեսլականը եւ աշխարհացրիւ հայութեան աճող կարիքները բաւարարող ռազմավարութիւններու մշակումի հարցերը:
Իրենց կարգին, երիտասարդ արհեստավարժները (ԵՍ) մասնակցեցան ԵԱի գործադիր յանձնախումբի ժողովին, քննարկելով համախմբումին համաշխարհային ցանցին տեսլականը, յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական նախապատուութիւնները, ինչպէս նաեւ ցանցին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման արդիւնաւոր միջոցները:
(Քաղուած ՀԲԸՄի թղթակցութենէն)