Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով արտադրուած Սթեֆընի Այանեանի եւ Ճոզէֆ Մայըրզի բեմադրած What Will Become of Us վաւերագրական ֆիլմը, որ օրին սփռուեցաւ Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու հանրային պատկերասփիւռի կայաններէ, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ պիտի ցուցադրուի եւ քննարկումի նիւթ պիտի դառնայ Պըրպենքի հանրային գրադարանի «Պուէնա Վիսթա» մասնաճիւղին մէջ, որուն հասցէն է՝ 300 N. Buena Vista St., Burbank, CA 91505։
Ֆիլմը կը հետախուզէ վեց ամերիկահայերու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը։
Քննարկումին պիտի մասնակցին բեմադրիչները եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրէն դոկտ. Շուշան Կարապետեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 238-5620 թիւին կամ այցելել https://burbank.libnet.info/event/7174974 կայքէջը։