
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Երեքշաբթի օր 85 քուէներով ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ` տիրանալով խորհրդարանի դիւանին մէջ հայ համայնքին վերապահուած խորհրդականի աթոռին:
Նշենք, որ այս ընտրութիւնը կատարուեցաւ, երբ երեսփոխան Փօլա Եագուպեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց նոյն պաշտօնին համար: Ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. 85 քուէ` Յ. Բագրատունիին, 23 քուէ` Փ. Եագուպեանին, 7 սպիտակ քուէ, մէկ չեղեալ քուէ եւ 1 քուէ Էլիաս Հանքաշի անունով:
Բագրատունի ամիսներ առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ 2018ին, ստանձնած էր խորհրդարանի դիւանի խորհրդականի պաշտօնը:
Բագրատունի ընտրուեցաւ նաեւ Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի զեկուցաբեր: