Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բոլոր քաղաքական խումբերու շուրջ 50 պատգամաւորներ ստորագրեցին գրաւոր հռչակագիր մը՝ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման վերաբերեալ։
Նշելով, որ Սեպտեմբեր 2022ին, Ատրպէյճան լայնածաւալ ռազմական յարձակման նախաձեռնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ՝ պատգամաւորները ընդգծեցին, որ «ռազմական յարձակման այս չհրահրուած գործողութիւններով, Ատրպէյճան թիրախ դարձուց նաեւ Հայաստանի բնակավայրերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքը, եւ այդ պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ, որոնց կարգին խաղաղ բնակիչներ զոհուեցան»։
«Կան խոշտանգումներու, գերի ինկած եւ մահացած զինուորներու, որոնց կարգին` կանանց խեղման դէպքերու սարսափելի վկայութիւններ», կ՛ըսուի հռչակագիրին մէջ։
Խորհրդարանականները խստագոյն կերպով կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակումը, որ ՄԱԿի կանոնադրութեան, Հելսինքիի եզրափակիչ ուխտի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում է Եւրոպական խորհուրդին ընդառաջ:
«Մենք նաեւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի զինուժին կողմէ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ կանխամտածուած սպանութիւնները, խոշտանգումները եւ անմարդկային վերաբերմունքը, որոնց տեսանիւթերը հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ»։
Անոնք կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանին՝ զերծ մնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ յարձակման հետագայ գործողութիւններէ եւ մասնակցելու բանակցային գործընթացին: Անոնք նաեւ կը պահանջեն Ատրպէյճանի զինուժի անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ բոլոր ռազմագերիները եւ միւս պահուող անձերը անյապաղ վերադարձնել: