«Յուսաբեր»ը կը գրէ, թէ Graph Ventures ընկերութեան ներկայացուցիչ, նախկին եգիպտահայ, իսկ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ռազմիկ Յովակիմեան պիտի ղեկավարէ ֆրանսական «Փարի Սէն-Ժերմէն» ֆութպոլի ակումբի արժանթինցի աստղ Լիոնել Մեսսիի ներդրումային նոր ընկերութիւնը։
Bloomberg-ը աւելի կանուխ հաղորդած էր, թէ Մեսսի հիմնած է իր սեփական ներդրումային ընկերութիւնը, որ կը կոչուի Play Time, որ ներդրումներ պիտի կատարէ մարզանքի, արհեստագիտութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ոլորտներուն մէջ:
Play Time-ի կեդրոնատեղին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պիտի ըլլայ, իսկ ընկերութիւնը պիտի հանդիսանայ Մեսսիի գլխաւոր ներդրումային գործիքը: