Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Թեւանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: 65 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Թեւանեան աւարտականին մրցեցաւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Համզա Ալաճայի դէմ, արձանագրելով 8-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
61 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան երկրորդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը՝ Արման Աւագեան, Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը 79 քլկ. դասակարգին մէջ:
