ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ, համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի անուան այցելու դասախօս դոկտ. Հրակ Փափազեան իր երրորդ հանրային դասախօսութիւնը պիտի տայ Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
«Հայերը եւ «միւս հայերը» ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով մատուցուող երեք դասախօսութիւններու շարքի երրորդին խորագիրն է՝ «Հայաստանէն գաղթականները», որ պիտի քննէ 1990ականներէն ի վեր Թուրքիա գաղթած Հայաստանի քաղաքացիներուն իրավիճակը եւ անոնց յարաբերութիւնները իշխանութիւններուն եւ Պոլսոյ հայութեան հետ։
Ներկայացման մուտքը ազատ է։
Դոկտ. Փափազեան մարդաբանութեան մէջ մասնագիտացած է Օքսֆըրտի համալսարանին մէջ։ Թուրքիոյ հայութեան մասին անոր աւարտաճառը մրցանակի արժանացած էր։ Ան 2019-2021ին դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ նախորդ տարեշրջանին եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն մէկը։
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: