Պաշտօնական Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն, թէ օգտակա՞ր է արդեօք Ռուսիոյ նախագահին հրաւէրը՝ տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս այս կարծիքը յայտնեց՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ նկատի ունենալով Մոսկուայի յայտարարութիւնները` Ուաշինկթըն արդեօք մտահոգութիւն ունի՞, որ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ յառաջիկայ հանդիպումը ամրապնդելու փոխարէն կրնայ վտանգել Պրիւքսէլի եւ Փրակի հանդիպումներու ձեռքբերումները:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախորդող օրերուն պնդած էր, թէ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի իրական նպատակները ոչ թէ փոխզիջումային եւ հաւասարակշռուած լուծումներն են, այլ ծանուցման միջոց ու Ռուսիան՝ Հարաւային Կովկասէն դուրս մղելու միտում:
«Նախ, անկասկած, մենք կը վիճարկենք մեր ջանքերը իբրեւ ինքզինք ծանուցելու միջոց բնութագրելը, նման բան չկայ։ Մենք կը փորձենք վերջ դնել տարիներէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան եւ տարիներու բռնկումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան բռնութիւններու եւ վերջապէս մահուան` երկու կողմերուն ալ՝ թէ՛ հայերու, եւ թէ ատրպէյճանցիներու», ըսաւ Փրայս:
Զախարովա նաեւ պնդած էր, որ արեւմուտքը կը փորձէ Հարաւային Կովկաս տեղափոխել Ուքրանիոյ վրայ փորձարկուած առճակատման գործիքակազմերը:
Փրայս շեշտեց, որ ամերիկեան կողմին միակ նպատակը Երեւանին եւ Պաքուին օգնելն է համապարփակ ու տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ կեանքեր փրկելու համար:
«Մենք հաւատարիմ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն: Մենք երկու ղեկավարներն ալ խրախուսած ենք հանդիպելու այն ձեւաչափով, որ առաւել օգտակար է անոնց: Մենք կը կարծենք, թէ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է հարցերու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Ահա թէ ինչո՛ւ նախարար Պլինքըն Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցները` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով նոյն սենեակին մէջ գտնուեցան վերջին բռնութիւններէն ետք: Վերջապէս, որոշումը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին է` արդեօք նախագահ Փութինի հրաւէրը օգտակար պիտի ըլլա՞յ իրենց՝ հասնելու տեւական խաղաղութեան», նշեց Փրայս:
Ան շեշտեց, թէ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան ոչ ոք կ՛աջակցի Միացեալ Նահանգներէն աւելի։ Տալով Ուքրանիոյ ու Վրաստանի օրինակները` բանբերը պնդեց, որ Քրեմլին յարգանք չունի դրացի երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ: «2008ին Ռուսիոյ ներխուժումը Վրաստան եւ անոր շարունակական դաժան ներխուժումը Ուքրանիա ցոյց կու տան, որ Մոսկուա այդքան ալ չի յարգեր իր դրացիներուն ինքնիշխանութիւնը եւ դժուար թէ յուսալի, երկարաժամկէտ գործընկեր ըլլայ», դիտել տուաւ Փրայս:
Ան հաստատեց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի որոշումն է՝ այդ հարցը Ռուսիո՞յ, թէ արեւմուտքին կը վստահին: