Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք՝ 31 Հոկտեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս յայտնեց, որ եռակողմ հանդիպման նախաձեռնած է, որպէսզի լուրջ եւ ձգձգուած հարցերու քննարկում կատարուի: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Արմէնփրէս»ը:
Անդրադառնալով հեռավար կերպով տեղի ունեցած ՀԱՊԿի պետութիւններու առաջնորդներու նիստին՝ Փութին յայտնեց, որ այն ատեն յստակ դարձաւ երկու գործընկերներուն մօտեցումները հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի վերաբերող: Ան շեշտեց, որ տասնամեակներէ ի վեր ձգձգուող այս հակամարտութեան պէտք է աւարտ մը գտնել։ «Գիտեմ, որ դուք ունիք քաղաքական կամք, եւ մենք ամէն ձեւով կ՛աջակցինք: Մենք ձեզի հետ պէտք է, անշուշտ, եռակողմ ձեւաչափով գտնենք առանցքային պահերը, որոնք թոյլ պիտի տան մեզի՝ յառաջ շարժելու», ըսաւ Փութին:
Ան յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղաւ հասնիլ զինուած հակամարտութեան դադրեցման պայմանաւորուածութեան: «Եւ այն ժամանակ ալ բոլորս մեկնեցանք այն դիտանկիւնէն, որ գլխաւորը խաղաղութիւն հաստատելը եւ զարգացման համար պայմաններ ապահովելն է, որոնց կարգին՝ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար, փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը, նոր երթուղիներու ստեղծումը, բոլոր հարցերը, որոնք կապ ունին տնտեսութեան զարգացման, ընկերային ոլորտին հետ, եւ այս բոլորին համար մենք կ՛աշխատինք: Այդ բոլորը կը ծրագրուին մարդոց շահերէն մեկնելով: Այդ պատճառաւ ալ ր մենք պէտք է այսօր խօսինք այդ բոլոր հարցերուն մասին, եւ յոյս ունիմ, որ յառաջ կ՛ընթանանք:
Մենք միշտ կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցը, ինչպէս ըսի՝ ՀԱՊԿի առաջնորդներուն հետ հանդիպման, հեռաւոր ժամանակներէն մինչեւ օրս: Ասիկա մեզի համար, ամէն պարագայի, իւրայատուկ իրավիճակ է», ըսաւ Փութին:
Փաշինեան իր կարգին յիշեցուց նախորդ շաբաթ Փութինի կողմէ բարձրացուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագիրի հարցը՝ ընդգծելով այս գործընթացի որոշ կարեւոր շրջագիծերը՝ Արցախի վերաբերեալ, նաեւ պնդելով, որ Ռուսիա պիտի աջակցի ընտրութեան այն սկզբունքներուն, որոնց օգտին պիտի արտայայտուի հայկական կողմը:
«Ձեր մասնակցութեամբ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի վերջին փակ նիստի ընթացքում ես խօսել եմ այս մասին: Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցում մեզ համար ընդունելի են ռուսական կողմի՝ «Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման հիմնական սկզբունքներն ու պարամետրերը» նախագծով առաջարկուած մօտեցումները: Յոյսով եմ, որ Դուք կ՛աջակցէք այսօրուայ եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով հնարաւոր յայտարարութեան տեքստում (բնագիրին մէջ) այս փաստաթղթին յղուելու առաջարկը: Հայաստանն առաջարկել է, սակայն մինչ այժմ մենք չունենք հաստատում, որ ռուսական կողմը սատարում է այս առաջարկին: Ցանկանում եմ ընդգծել, որ դա որեւէ կերպ չի հակասում պայմանաւորուածութիւններին, որոնք ձեռք են բերուել Պրահայում այս տարուայ Հոկտեմբերի 6ին: Ի դէպ, պրահեան բանակցութիւնների ընթացքում ես ուղղորդուել եմ ձեր, այդ թւում՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններով», ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացին՝ Փաշինեան յայտնեց, որ նախքան սահմանազատման աշխատանքներու սկիզբը, պէտք է սահմանին կայունութեան եւ ապահովութեան մակարդակը բարձրացնելու գործիքակազմեր ստեղծել:
«Ռուսաստանի դիրքորոշումն այն էր, որ սահմանազատման յանձնաժողովի ձեւաւորումն ու աշխատանքը ինքնին կը դառնայ սահմանների անվտանգութեան մեխանիզմ (գործիքակազմ): Անկեղծ ասած, այն ժամանակ մենք չէինք կիսում այս դիրքորոշումը, բայց ի վերջոյ որոշեցինք հիմնուել մեր ռազմավարական դաշնակցի, այսինքն՝ Ռուսաստանի մեկնաբանութեան վրայ: Չնայած դրան, այս տարուայ Սեպտեմբերի 13ին Ադրբեջանը նոր ագրեսիա (յարձակում) նախաձեռնեց Հայաստանի դէմ եւ օկուպացրեց (գրաւեց) մեր երկրի նոր տարածքներ: Մեզ համար շատ կարեւոր է Ռուսաստանի Դաշնութեան յստակ դիրքորոշումն այս հարցում, ըստ որի՝ անհրաժեշտ է ադրբեջանական զօրքերը դուրս բերել ելման դիրքեր 2021ի Մայիսի 11ի դրութեամբ: Ինչ վերաբերում է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակմանը, ապա դուք գիտէք, որ Հայաստանը շատ շահագրգռուած է դրանում: Եւ մենք պատրաստ ենք ցանկացած պահի կոնկրետ (յստակ) որոշումներ ընդունել՝ հիմնուելով 2020ի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան 9րդ կէտի եւ 2021ի Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութեան վրայ: Այս համատեքստում մենք հիմնւում ենք նաեւ ձեր՝ 2020ի Նոյեմբերի 9ի «Լեռնային Ղարաբաղում խաղաղութեան պահպանմանն ուղղուած միջոցառումների մասին» հրամանագրի 3րդ կէտի եւ 2020ի Նոյեմբերի 9ի ձեր հեռուստաուղերձի վրայ, որոնցում արտացոլուած են մեր պայմանաւորուածութիւնները: Իսկ հարցի էութիւնը հետեւեալն է. Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնող հաղորդակցութիւնները պէտք է լինեն Հայաստանի Հանրապետութեան լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ եւ գործարկուեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը համապատասխան: Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնային ծառայոյթեան սահմանային ծառայութիւնը պէտք է վերահսկողութիւն իրականացնի վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւնների կատարման նկատմամբ», ըսաւ Փաշինեան: