Հայաստան եւ Ռուսիա իրարու կապուած են միասնական մշակոյթով, պատմութեամբ, հաւատքով, մեծ յաղթանակով, որոնք երբեք որեւէ մէկը չի կրնար խլել: Հայաստանի Ազգային ժողովի տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանին մէջ ԱՊՀ հարցերու Եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէին հետ միացեալ նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ Պետական Տումայի ԱՊՀ հարցերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կազպել Թայսաեւ: «Մենք չենք պատկերացներ Ռուսիան առանց Հայաստանի ու Հայաստանը առանց Ռուսիոյ», ըսաւ ան:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:
Հայաստանի մէջ ունեցած քննարկումներուն մասին ան ըսաւ, որ անոնք բարեյաջող են, յատկապէս՝ փորձ Վերին Լարսի վերաբերեալ, որովհետեւ անոր ուղղութեամբ կան խնդիրներ, որոնց գծով աշխատանքային քարտէս կը ձեւաւորուի, որպէսզի օգնէ յառաջիկայ քայլերուն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ Վաղարշակ Յակոբեան հիւրերուն ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիմագրաւած ապահովական հարցերը: