10 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30ի շուրջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ հակառակորդին կրակոցէն վիրաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուոր, շարքային Պ. Խ.ը: Լուրը կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:
Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ վիրաւոր զինուորին վիճակը շատ ծանր է: