Եւրոպական Միութիւնը Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղեց՝ դարձնելու թշնամութեան էջը եւ շարունակելու հաշտեցման ջանքերը` կանխելու համար մարդկային կեանքերու հետագայ անհարկի կորուստները եւ վնասները: Այս մասին կ՛ըսուի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութեան ծառայութեան` 44օրեայ պատերազմի աւարտի երկրորդ տարելիցին նուիրուած ուղերձին մէջ:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն բազմաթիւ ջանքերը` տարակարծութիւններու յաղթահարման եւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան միտող:
Եւրոպական Միութիւնը նաեւ բարձր կը գնահատէ Երեւանի եւ Պաքուի կայուն ներգրաւուածութիւնը տարբեր մակարդակներով եւ ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն մէջ:
«Թէեւ բանակցութիւնները ակնյայտօրէն բարդ են եւ ժամանակ կը պահանջեն, սակայն անչափ կարեւոր է թափը չկորսնցնել, պայմանաւորուիլ յստակ յառաջընթաց քայլերու շուրջ եւ ապահովել անվտանգ, ապահով եւ բարեկեցիկ միջավայր` ի շահ տարածաշրջանի բնակչութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Միութիւնը կողմերուն նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ մեղմացնելու հռետորաբանութիւնը եւ խուսափելու լարուածութեան որեւէ անհարկի սրացումէ, ներառեալ` զերծ մնալու փոխադարձ սպառնալիքներէ կամ մեղադրանքներէ, ռազմական սադրանքներէ ու գործողութիւններէ:
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը` երկու կողմերու փափաքին արձագանգելու եւ մնացած բոլոր հարցերուն համապարփակ ու արդարացի լուծման աշխատանքներուն աջակցելու», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Aliev is not ready to ACCEPT PEACE , WANTS ALL ARMENIA, as long as
KGB NOMINATED GOVERNMENT EMPLOYEE IN ALL SECTORS, ARE NOT
CLEANED YET FROM THEIR SLAVE POSITION *BY MAJORITY*.
May be near future will permit this cleansing process, WITH LOCAL
POPULATION IN JUBILEE, finding FINALLY, FREE, INDEPENDENT, PROSPER, *CONTINUATION OF 1st REPUBLIC*, AFTER 101 YEARS OF HIGHEST
PRESSURE, COUNTRY SELLING, LOOTING, FREE OF PUNISHMENT ALL
KIND OF CRIMES, CLEARED BY USUAL WAY APPOINTED JUDGES:
BIGGEST CRIMINAL ACTIONS BACKERS, PROMOTERS, EXCEPT FEW.