Պատմութիւնը ի՞նչ ճակատագիր վերապահած է բռնատէրերուն:
Երբ միահեծան իշխանութիւններ կը տապալին ներքին ժողովրդային թէ արտաքին միջամտութեան բերումով, անոնց ղեկավարները կ’ունենան անփառունակ վախճան: Այդպէս եղած է պատմութեան ընթացքին, այդպէս կը պատահի այսօր:
Վերջերս, Իրաքի նախկին բռնատէր Սատտամ Հիւսէյն ստացաւ գլխատման վճիռ՝ իր երկրին մէջ իր գործած «մարդկութեան դէմ ոճիրներուն» համար: Տակաւին երեք տարի առաջ ահ ու սարսափ սփռող Սատտամ, ամբաստանեալի վանդակին մէջ նստած կ’ընդունէր իր դէմ վճիռը՝ իր իսկ հասակակիցներուն կողմէ արձակուած:
Բայց երբ պահ մը հեռանանք մետիայի սփռած անմիջական պատկերներէն եւ դէպքերու մեկնաբանութեան կարկինը լայն բանանք, ապա՝ հարց տանք. ո՞վ որո՞ւ կը դատէ:
Անմե՞ղն է, որ կը դատապարտէ մեղաւորը, թէ յաղթողն է, որ կը դատէ պարտուողը՝ հաւասար մեղքերով ծանրաբեռնուած: Իսկ եթէ յանցաւոր մը կայ, միշտ ալ կայ, որքա՞ն ծանր պատիժ արդար է անոր դէմ:
Ո՞Վ ՈՐՈ՞Ւ ԿԸ ԴԱՏԷ
Թէ ինչպիսի՞ պատիժ պէտք է սահմանուի բռնատէրերուն եւ ոճրարարներուն դէմ, պատմութիւնը յստակ արժեչափ մը չունի: Ոչ ալ 20րդ դարուն կազմակերպուած միջազգային համայնքը կրցած է յառաջացնել մնայուն վճռադատ ատեան մը:
Վերջերս, երբ իրաքցի դատաւորը Սատտամ Հիւսէյնի դէմ գլխատման վճիռ արձակեց, ամբաստանեալի աթոռէն վճիռը մերժող բռնատիրոջ կողքին անոր ընդդիմացան նաեւ Ֆրանսա, Իտալիա, Ֆինլանտա եւ նոյնիսկ Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէր: Միակ ողջունողը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշն է, որ ըսաւ թէ, վճիռը Իրաքի ժողովուրդին համար մեծ «անկիւնաքար մըն է բռնատիրութիւնը օրէնքով փոխարինելու»: Պուշ կը խօսէր յաղթողի բերնով:
Բարոյական գետնի վրայ, գոյութիւն ունի երկուութիւն մը, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մահ սահմանելու որոշումին: Բարոյապէս՝ արդեօք մահուան վճիռ սահմանող իրաքցի դատաւորը նոյն յանցանքը չի՞ գործեր իր կարգին, ինչ որ գործած էր իր ամբաստանեալը՝ Սատտամը, ուրիշներուն մահը հրահանգելով: Հաւանաբար օրէնսգիտութեան մէջ ոճրագործին դրդապատճառն է, որ բարոյական երկուութիւնը դիւրութեամբ կը լուծէ:
Քաղաքական գետնի վրայ սակայն, ոճիրը անպատիժ ձգելը ուրիշներու դուռ կը բանայ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր իշխանաւորները բնաւ չեն դատուիր, ուր մնաց՝ մահապատիժի ենթարկուին:
Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ՍԱՏՏԱՄԻ
Սատտամի փաստաբանները իրենց պաշտպանեալին դէմ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու պահանջք ներկայացուցին: Սակայն, ատիկա ձեւական բնոյթ ունի եւ պիտի չփոխէ գլխատման վճիռը, որովհետեւ յաղթող կողմը այդ կ’ուզէ:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան փաստաբան Ճեֆրի Ռապըրթսըն կ’առաջարկէ ներումի եւ գլխատման միջեւ երրորդ ձեւ մը. աքսոր: Սատտամը աքսորել հեռաւոր վայր մը, օրինակ՝ Ֆոլքլընտ կղզիները: Ռապըրթսըն զուգահեռ կը գծէ Նափոլէոնի աքսորման հետ եւ կ’ըսէ, թէ անիկա լաւագոյն ձեւն է բռնատէրերէ ձերբազատուելու համար:
Սակայն, Նափոլէոնի աքսորը հարաւային Ատլանտեանի Հելենա կղզին առաջինը չէր: Անոր առաջին աքսորը ձախողեցաւ, երբ ան վերադարձաւ իր աքսորավայր Էլպա կղզիէն եւ յաղթական արշաւեց Փարիզ՝ շրջապատուած համակիր ուժերով: Ամերիկացիք շատ զգոյշ են, որ դէպքերու նման ընթացք մը կրնայ պատահիլ Սատտամի պարագային:
Ատկէ 100 տարի առաջ, մեծ ուժերը նոյն կացութեան առջեւ կը գտնուէին, երբ կ’ուզէին արդարադատութեան կանչել Քայզեր Վիլհելմ Բ.ը: Ա. Աշխարհամարտի բռնկման պատասխանատու նկատուող Վիլհելմ գահընկէց եղաւ եւ աքսորուեցաւ Հոլանտա: Վերսայի համաձայնագրի ատեն, յաղթական ուժերը պահանջեցին անոր դատավարութիւնը՝ «միջազգային բարոյականութեան եւ պայմանագիրներու սրբութեան» դէմ իր գործած յանցանքին համար: Սակայն Հոլանտայի Վիլհելմինա թագուհին մերժեց յանձնել զայն դաշնակից ուժերուն՝ մինչեւ անոր մահը աքսորի մէջ՝ 1941ին:
ՆԻՒՐԵՄՊԷՐԿԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ
Նացի աւագանին պատժելու ատեն հարցերը փոխուած էին: Երրորդ Ռայխի անունով գործուած ոճիրներուն, յատկապէս հրէական Ողջակիզումի պատասխանատուները պաշտօնապէս դատուեցան (բացի Հիթլերէն եւ քանի մը այլ օգնականէ, որոնք նախընտրեցին իրենց ձեռքով իրենց պատիժը տալ) եւ 21 հոգի կախաղան բարձրացան:
Իսկ Թոքիոյի Պատերազմական դատավարութիւններու պարագային, 11 դաշնակից երկիրներէ բաղկացած դատաւորներու խմբակը 25 զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներ դատուեցան պատերազմի ոճիրներով. անոնցմէ եօթը մահապատիժի ենթարկուեցան:
Սակայն, Բ. Աշխարհամարտի յանցագործները դատելու ատեն դաշնակից ուժերու ոչ մէկ ղեկավար դատուեցաւ: Նոյնիսկ Ստալին: հարցը այն է, թէ ո՞վ պիտի դատէ յաղթողը, նոյնիսկ երբ ան պատերազմական ոճիր գործած է:
ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲՌՆԱՏԷՐԵՐՈՒ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ՎԱԽՃԱՆԸ
Խորհրդային անկումէն ետք, նախկին համայնավար կարգերու ղեկավարները արագ դատավարութիւններով քաղաքական թատերաբեմէն կը հեռացուին կամ առհասարակ կը գլխատուին: Այդպէս էր պարագան Ռումանիոյ բռնատէր Նիքոլայ Չաուչեսքուի, որուն դատավարութիւնը եւ սպանութիւնը ընդամէնը չորս օր տեւեց: Սերպիոյ ղեկավար Սլոպոտան Միլոսեւիչի դատավարութիւնը քիչ մը աւելի օրինական էր, որովհետեւ տեղի ունեցաւ Լա Հէյի Ատեանին կողմէ: Սակայն իր անձնասպանութեամբ, ան չթողուց, որ միջազգային արդարադատութիւնը իր ընթացքը առնէ բնական աւարտով: Այստեղ դարձեալ յաղթական կողմն էր դատողը եւ դատուողը՝ պարտուածը: Պոսնիացիները, հակառակ որ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, Ատեանին չյանձնուեցան ՆԱԹՕի ուժերուն կողմէ:
Նիւրեմպէրկի Ատեանին կողմէ դատուած եւ մահապարտ նկատուած նացի բարձրաստիճան զինուորական Հերման Կէօրինկ (որ իր մահապատիժը կանխեց ինքնասպանութեամբ) գրած է. «Յաղթականները միշտ պիտի ըլլան դատաւորը, իսկ պարտուողները՝ ամբաստանեալը»:
Վճիռը կը մնայ պատմութեան: