Աթէնք գտնուելու առիթը օգտագործելով՝ ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերի առաւօտուն շարունակեցին իրենց հանդիպումները: Վահան Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ հելլէն խորհրդարանէն ներս, մինչ Գէորգի Պետրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Աթէնքի մէջ գտնուող չորս վարժարաններուն:
Յունաստանի խորհրդարանէն ներս կայացաւ Վահան Յովհաննիսեանի հանդիպումը իր յոյն պաշտօնակից Եորղոս Սուրլասի հետ: Վ. Յովհաննիսեանին կ’ընկերանային ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեան, Հ.Յ.Դ. տեղւոյն Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Գէորգ Գոլանեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Զաւէն Գնունի:
Եորղոս Սուրլաս, որ հայութեան հին ու հաւատարիմ բարեկամներէն մէկն է, եւ անցեալ տարի Հայաստան այցելած էր, ջերմօրէն դիմաւորեց հայկական պատուիրակութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին նշուեցան Մատենադարանէն ներս պահպանուող յունական հին մագաղաթները, որոնք մեծապէս կը հետաքրքրեն յունական պետութիւնը, որ կը ծրագրէ աշխատանքի մը ձեռնարկել, ձեռք ձգելու համար այդ թանկագին մագաղաթներէն կրկնօրինակներ: Տեղեկութիւններ տրուեցան Վ. Յովհաննիսեանի կողմէ, պահպանուած այնպիսի հազուագիւտ մատենագրերու մասին, որոնց նոյնիսկ յունական բնագիրը կորսուած ըլլալով, իբրեւ առանձին օրինակ կը մնայ միայն հայկական թարգմանութիւնը: