Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը յաջողութեամբ օդային հարուածներ հասցուցած է հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող «ահաբեկիչներու որջեր»ուն:
Աքար հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ «Սուրի ճանկ» գործողութիւնը «յաջողութեամբ» կը շարունակուի՝ աւելցնելով. «Մեծ յաջողութեամբ եւ ուղղակի հարուածներով քանդուած են ահաբեկիչներուն պատկանող որջեր, թաքստոցներ, փապուղիներ եւ պահեստանոցներ»:
Թրքական օդուժը Շաբաթ օր օդային հարուածներ հասցուց քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու Քրաչուքի եւ Հասաքէի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Մալիքիա քաղաքին մօտ գտնուող շրջանին ու Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող դիրքերու:
Թրքական բանակը Շաբաթ գիշեր յայտարարեց, որ 20 օդային հարուածներ հասցուցած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերուն:
Թրքական լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ յարձակումին մասնակցած են առաւել քան 50 ռազմական օդանաւեր եւ 20 անօդաչու թռչող սարքեր:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրենց օդային գործողութիւնը գործադրուած է ՄԱԿի կանոնադրութեան համաձայն՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
«Հաշուեյարդարի ժամը եկած է», գրուած է նախարարութեան «Թուիթըր»ի էջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ Իսթիքլալ թաղամասին մէջ ական մը պայթեցաւ՝ պատճառելով 6 զոհեր եւ 81 վիրաւորներ: Թրքական իշխանութիւններուն պնդումով գործողութիւնը կազմակերպուած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:
Զինուորական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակի շարք մը զինուորականներ մահացած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին եւ Հասաքէի վրայ կատարուած թրքական յարձակումներուն պատճառով:
Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին՝ թրքական յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են առնուազն 12 զոհեր, որոնցմէ 6ը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու անդամներ են, իսկ 6ը՝ սուրիական բանակի զինուորներ: