ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի ժողովուրդին աննախընթաց մասնակցութեամբ, ընդդիմադիր ուժերը Կիրակի, Դեկտեմբեր 10ին երկրորդ անգամ ըլլալով մարդկային հեղեղի մը նման ողողեցին Պէյրութի «Ռիատ Սոլհ» եւ Նահատակաց հրապարակները։
Միլիոնաւոր լիբանանցիներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան Պէյրութ՝ մասնակցելու համար ընդդիմադիր ուժերուն ցոյցին, պահանջելով վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան հրաժարումը:
Ընդդիմադիր ուժերուն նստացոյցին մասնակցող քաղաքացիները եկան Լիբանանի չորս կողմերէն՝ հարաւէն, հիւսիսէն, Լեռնալիբանանէն եւ Պեքաայէն։ Անոնք եկան հարիւր հազարներով եւ վերածուեցան միլիոններու։
Յետմիջօրէին գործադրուած քաղաքական պատգամներու փոխանցման ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Լիբանանեան բանակի մէկ բանբերը յայտնեց, որ կեդրոնական Պէյրութի եւ մայրաքաղաքին յարակից փողոցներուն մէջ գտնուող մարդկային բազմութեան թիւը աննախընթաց եղած է եւ խճողումին պատճառով բոլոր ցուցարարները չեն կրցած հասնիլ հրապարակները։
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն ցուցարարներուն փոխանցեց հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ սփռուած պատգամ մը, որուն մէջ նշեց, թէ ներկայիս յարանուանութիւնը վերածուած է քաղաքական աւատապետութեան, իսկ զեղծարարութեամբ գոյացուած գումարները կ՚օգտագործուին ընդդիմութեան դէմ։ «Եթէ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հռչակման յուշագիրը ընթերցենք, կը տեսնենք, որ Ուաշինկթըն, որ ներկայիս լիբանանցիները կը զգուշացնէ հաւանական ամէն տեսակի վայրագութիւններէ, կ՚ընդունի, որ ժողովուրդը իրաւունք ունի օգտագործելու բոլոր միջոցները՝ փոփոխութեան ենթարկելու համար այն կառավարութիւնը, որ չի գործադրեր իր պահանջները», ըսաւ Աուն։
Ան նաեւ պահանջեց անմիջապէս բացայայտել ճարտարարուեստի նախարար՝ երեսփոխան Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան դրդապատճառները։ «15 սպանութիւններ գործուեցան, եւ ոչ մէկը բացայայտուեցաւ։ Կը պահանջենք միջազգային դատական ատեանի մը կազմութիւնը, որուն համաձայն գտնուեցանք, սակայն տակաւին կ՚ամբաստանուինք զայն մերժելու յանցանքով», նշեց ան։
Աուն եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Կայ մէկ լուծում. տակաւին քանի մը օր պիտի սպասենք եւ ապա պիտի պահանջենք փոխանցման կառավարութիւն, որպէսզի խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարենք եւ ըստ այնմ հիմնենք ժողովրդավարական մեր հաստատութիւնները»։
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասէմ ցաւ յայտնեց, որ երկրին մէջ տակաւին կը շարունակուին յարանուանական լարուածութիւն հրահրելու փորձերը։ «Արդեօք դուք չէք զարմանա՞ր, թէ ուր են Ուալիտ Ճոմպլաթը (տիւրզի) եւ Սէմիր Ժաաժաաը (մարոնի). անոնք կը փափաքին երկրին ճակատագիրին հետ խաղալ՝ սիւննի ղեկավարները առաջ քշելով, որպէսզի բախումներ սկսին յատկապէս սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ», շեշտեց ան։
Միւս կողմէ, Սինիորա Երկուշաբթի օր խստօրէն դատապարտեց խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի այն որոշումը, թէ խորհրդարանը նիստ պիտի չգումարէ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։
Նաեւ, Արաբական լիկայի միջնորդական առաքելութեան ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Օսման Երկուշաբթի օր յայտնեց, թէ Սուրիոյ իշխանութիւններէն գործակցութեան երաշխիք ստացած է Լիբանանի կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու գծով, յոյս յայտնելով, որ կարելի կ’ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել, ուր յաղթական կամ յաղթուած կողմեր չեն ըլլար: