ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11ին, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Պաղտատի հիւսիսային շրջաններուն մէջ Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած պայթումի մը զոհ գացած են երեք ամերիկացի զինուորներ եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ:
Միւս կողմէ, Իրաքի շիիներու հակաամերիկեան հոսանքի պարագլուխ սէյիտ Մոքթատա Սատր խիստ քննադատութիւններ ուղղեց շիի վարչապետ Նուրի Մալիքի դէմ՝ վերահաստատելով օտար ուժերու մեկնումի իր պահանջը։ Ան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը պնդէ, թէ Մալիքիի կառավարութիւնը իրաւունք չունէր ՄԱԿի ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու դիմում կատարելու ու դարձեալ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի հետ հանդիպելու անոր որոշումը: Այդ քայլին պատճառով Սատրի համակիր 30 երեսփոխաններ ու հինգ նախարարներ սառեցուցած են խորհրդարանին ու կառավարութեան մէջ իրենց գործունէութիւնը:
Նաեւ, Պաղտատի մէջ հարիւրաւոր սիւննիներ ցոյց մը կատարեցին։ Անոնք միջհամայնքային բախումներէն եւ վայրագութիւններէն փախուստ տուած ու շիիներով բնակուած կամ խառն թաղամասերէ տեղահան եղած էին եւ առժամաբար կը բնակէին դպրոցներու եւ մզկիթներու մէջ։ Ցոյցին մասնակցող այրերը, կիներն ու երեխաները պահանջեցին, որ իշխանութիւնները զիրենք պաշտպանեն… երկրին ապահովութեան ուժերէն, որոնք յաճախ կ’ամբաստանուին շիի ապստամբներուն հետ գործակցելու յանցանքով:
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան հրաժարած նախարար Տանըլտ Ռամսֆելտ շաբաթավերջին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Իրաք՝ հրաժեշտ տալու համար հոն գտնուող ամերիկացի զինուորներուն։