Արցախի մէջ առաքելութիւն իրականացնող ռուս խաղաղապահ զօրախումբը իր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ զինադադարի խախտման մէկ դէպք արձանագրեց:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութենէն։
«Շուշիի շրջանին մէջ ատրպէյճանական կողմը կրակեց Արցախի զինուած ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով երկու անձեր վիրաւորուեցան», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմին հետ կը հետաքննէ այս միջադէպը:
28 Նոյեմբերի երեկոյեան, պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ ատրպէյճանական կողմը արեւմտեան ուղղութեամբ խախտեց զինադադարը եւ պատճառեց երկու վիրաւորներ։ 29 Նոյեմբերին, Արցախի առողջապահութեան նախարարի խորհրդական Մայա Ազատեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ վիրաւոր զինուորներուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։