ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 9ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ-ֆրանսական պատմական առնչութիւնները» նիւթով միջազգային գիտաժողով, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Սերժ Սմեսով: Ան նշեց, որ նախորդ պատշտօնավարութեան ընթացքին զբաղած է ԱՊՀ տարածաշրջանին վերաբերող հարցերով, մասնաւորապէս, Հայաստանով:
«Հայաստանում դեռ շատ բաներ կան ինձ համար բացայայտելու», ըսաւ դեսպանը եւ աւելցուց, որ իր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած են յատկապէս հայկական հիւրընկալութիւնը եւ ընդունելութեան ձեւը: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու միջեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ սերտ գործակցութիւնը իր պաշտօնավարութեան տարիներուն աւելի կը խորանայ:
Գիտաժողովի ընթացքին տրուեցան զեկոյցներ՝ կապուած հայ եւ ֆրանսական պատմական շարք մը իրողութիւններու՝ 1890ին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայակական հարցի քննարկման, Ցեղասպանութեան տարիներուն ֆրանսական մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն, 20րդ դարասկիզբին Ֆրանսայի մէջ հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու, հայ-ֆրանսական ամուսնութիւններու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ: