Լոս անճելըսահայ ծանօթ ազգայիններ Կարէն Բենիասեանի եւ Ժասիկ Չառահեանի հովանաւորութեամբ, Նիկոլ Դումանի ծննդավայր Արցախի Ղշլաղ գիւղին մէջ նորոգուեցաւ հայդուկապետին տուն-թանգարանը, ինչպէս նաեւ գիւղի մշակոյթի կեդրոնը: Օրին անդրադարձած էինք բացման հանդիսութեան, որմէ կու տանք յաւելեալ լուսանկարներ: