ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին, Լիբանանի կառավարութեան դէմ ընդդիմութեան բաց նստացոյցը 12րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ կեդրոնական Պէյրութի հրապարակներուն վրայ, մինչ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Պէյրութ ժամանեց տագնապին լուծում մը գտնելու յոյով:
Արաբական լիկայի այլ պատուիրակ մը ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի համար բանակցութեանց հողը պատրաստած էր արդէն՝ վերջին քանի մը օրերուն ունեցած իր շփումներով եւ Մուսա Երեքշաբթի օր տեսակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի, ինչպէս նաեւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ, բոլոր կողմերուն ընդունելի ծրագիր մը մէջտեղ բերելու յոյսով:
Լիբանանեան աղբիւրներու համաձայն, Մուսա կրնայ Պէյրութ մնալ մինչեւ Հինգշաբթի օր, խորհրդակցութիւնները շարունակելու համար լիբանանցի ղեկավարներու հետ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը հետապնդող ՄԱԿի հետախուզական խմբակի պատասխանատու Սերժ Պրամըրց Երեքշաբթի օր իր երրորդ տեղեկագիրը յանձնեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, ուր ան կը շեշտէ, թէ Սուրիա «բաւարար» գործակցութիւն կը ցուցաբերէ եւ կը շեշտէ, թէ հետախուզութիւնները պէտք է շարունակուին:
Տեղեկագրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի, թէ կը քննուի այն վարկածը, թէ Հարիրիի վրայ յարձակումը կրնայ օդէն իրագործուած ըլլալ:
Նաեւ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երկուշաբթի օր քննեց Լիբանանի վերաբերող թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի նորագոյն տեղեկագիրը, ուր նշուած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կասեցուած են, սակայն իսրայէլեան օդուժը մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը կատարէ Լիբանանի օդային սահմաններուն դէմ։
«Կը նախատեսուի, որ չորս շրջուն ջոկատներ եւս ժամանեն հարաւային Լիբանան Ինտոնեզիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Նեփալէն, Մալեզիայէն եւ Փորթուկալէն։ Պէտք է նաեւ «Հըզպալլա»ի առեւանգած իսրայէլացի երկու զինուորները առանց նախապայմանի ազատ արձակուին», կը շեշտուի տեղեկագիրին մէջ, որ երկու կողմերէն կը պահանջէ նաեւ յանձնել ականուած տարածքներուն քարտէսները: