Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերի առաւօտուն ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանի։
Հայրենի դիւանագէտը, որ Հոկտեմբերի վերջերուն նշանակուած էր այս պաշտօնին, իր անդրանիկ այցելութիւններէն մէկը կու տար Ազգ. առաջնորդարան, ծանօթանալու համար առաջնորդ սրբազանին ու թեմի ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հիւր դիւանագէտին կ՚ընկերանար հիւպատոս Յարութիւն Կոջոյեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ թեմի հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ գանձապահ Վահան Պզտիկեան, ինչպէս նաեւ «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեան։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հայրենի դիւանագէտը մօտէն հետաքրքրուեցաւ մեր թեմի եկեղեցական ու կրթական առաքելութեան մասին։ Առաջնորդ սրբազանը Ա. Լիլոյեանի հակիրճ բայց ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր թեմի պատմութեան, եկեղեցիներուն, ազգային վարժարաններու ցանցին, Առաջնորդարանի հրատարակչական (դասագիրքեր ու հոգեւոր այլ հրատարակութիւններ) եւ քրիստոնէական դաստիարակչութեան բազմաճիւղ ու հետզհետէ ծաւալող գործունէութիւններուն մասին։ Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ այն սերտ գործակցութեան, որ զարգացած է Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ, Լոս Անճելըսի եւ Ուաշինթընի մէջ, միաժամանակ վերահաստատելով Ազգ. առաջնորդարանի զօրակցութիւնը՝ հիւպատոսութեան ու անոր հովանիին տակ տարուող հայրենանուէր բոլոր աշխատանքներուն։
Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորանք ու բարեմաղթութիւն փոխանցեց հայրենի ներկայացուցիչին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15րդ տարեդարձին առիթով, նշելով, որ իրեն համար բարեբաստիկ առիթ էր Երեւանի մէջ մասնակից ըլլալ հանդիսութեանց ու տօնակատարութեանց, ապա նաեւ՝ Հոկտեմբեր 20ին Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան։
Գլխաւոր հիւպատոսը, իր կարգին, ծանօթութիւններ տուաւ հիւպատոսութեան անմիջական ու հետագայ ծրագիրներուն մասին։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ։ Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը հայրենի դիւանագէտին յանձնեց յուշանուէր մը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան ու բոլոր աշխատանքներուն։
(Հաղորդագրութիւնը՝
Ազգ. Առաջնորդարանէն)