ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նոր կազմը միաձայնութեամբ (13-0) խորհուրդի նախագահ վերընտրեց Փօլ Գրիգորեանը, որ Հոկտեմբերին հանդիսացած էր առաջին ամերիկահայը, որ ընտրուած էր այս հեղինակաւոր պաշտօնին։
Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ջերմօրէն շնորհաւորեց Գրիգորեանի վերընտրութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մօտէն գործակցելու Գրիգորեանի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներուն հետ, շարք մը դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքային իշխանութիւններուն մէջ հայութեան ձայնը աւելի ազդու դարձնելու նպատակներով։
Գրիգորեան պաշտօնը կը ստանձնէ այն միջոցին, երբ քաղաքապետական խորհուրդը կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, անոր նախկին եւ ներկայ անդամներուն միջեւ արձանագրուած խօսակցութեան մը հրապարակումին պատճառով, որ բացայայտած էր ցեղային խտրականութեան դիմելու անոնց քաղաքականութեան ծալքերը, յատկապէս քաղաքին նոր սահմաններ գծելու ուղղութեամբ։