Տարիներու սովորութեան համաձայն, Օրէնճ Քաունթիի հայ գաղութը, հոգեւոր հովիւ, հոգաբարձութիւն եւ «Արի Կիրակոս Մինասեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւն, միատեղ ջանքերով, Հոկտեմբեր ամսուն կը կազմակերպեն հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Կիրակի, 8 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Օրէնճ Քաունթիի «Ղուկասեան» սրահէն ներս (եկեղեցին վերանորոգութեան մէջ ըլլալուն պատճառաւ) պատարագ մատուցանեց առաջնորդ սրբազան հայրը։
Քարոզի ընթացքին, սրբազան հայրը անդրադարձաւ եկեղեցիին վերանորոգութեան եւ ըսաւ, թէ հաւաքական ճիգով՝ հովիւ, հոգաբարձութիւն եւ ժողովուրդ, պիտի գեղեցկազարդուի այս եկեղեցին։ Քսան տարի անցեր է այս եկեղեցւոյ շինութեան, վերանորոգութիւնը առիթ պէտք է ըլլայ հաւատքի վրայ վերամրապնդուելու եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած առաքելութիւն տանելու։ Սրբազանը ըսաւ. «Այս գաղութը պէտք է իրարմով զօրանայ, իրարմով հարստանայ։ Եւ մենք հետամուտ պէտք է ըլլանք վերանորոգելու ո՛չ միայն նիւթական այս եկեղեցին, այլ մանաւանդ՝ մեր անձերը, մեր գաղութը, մեր կազմակերպութիւնները եւ յարակից բոլոր մարմինները։ Մենք մեր խօսքը գործի՛ պէտք է վերածենք, որպէսզի մեր կեանքը պայծառացնենք։ Աստուծոյ ներկայութեա՛մբ պէտք է ապրինք, որպէսզի մեր հոգիները գեղեցկազարդուին։ Գաղութը շէն պէտք է պահենք՝ մեր բոլորին ֆիզիքական ու հոգեւոր ներկայութեամբ։ Անկեղծ հաւատքով ապրինք ու գործենք, որպէսզի վայելենք մեր հաւաքական առաքելութեան ու ծառայութեան քաղցրութիւնը»։
Պատարագէն ետք թափօրով ներկաները առաջնորդուեցան Հայ կեդրոնի սրահը, ուր առաջնորդ սրբազան հայրը, գնահատելէ ետք հայ գիրքի այս ցուցահանդէս վաճառքին կազմակերպիչ անձերը, բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը։ Ներկաները հիւրասիրութեան ընթացքին վայելեցին նաեւ հայ գիրքին քաղցրութիւնը։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Չորեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերի կէսօրին, առաջնորդ սրբազանը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ նոյն շրջանի «Արի Կիրակոս Մինասեան» ազգ. վարժարան, վերամուտին ազգային դպրոցներ այցելելու ծիրէն ներս։ Սրբազանին կ՚ընկերանային Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ եկեղեցւոյս հոգաբարձական կազմը։
Վարժարանիս մուտքին, առաջնորդ սրբազանը եւ իր ընկերակիցները դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Ասատուր Ասատուրեանին կողմէ, եւ ապա հերթաբար այցելեցին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոլոր դասարանները, որոնց սրբազանը գնահատեց եւ խօսեցաւ թարգմանիչ վարդապետներու կերտած հայ գիրի ու մշակոյթի մասին։ Իսկ աշակերտները երգերով եւ Մեսրոպ Մաշտոցին ու հայ գիրին նուիրուած արտասանութիւններով խանդավառեցին հիւրերը, այսպիսով՝ անգամ մը եւս փաստելով հայ դպրոցին տարած վեհ առաքելութիւնը մեր գաղութի կեանքէն ներս։
Ապա սրբազան հայրը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնին եւ հոգաբարձութեան հետ, լսեց դպրոցին վերջին իրագործումներուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց առաջարկները։ Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք սրբազանը օրհնեց բոլորը եւ բարի ու անվտանգ տարի մը մաղթեց բոլորին։