ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստին արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ բացատրութիւններ տուաւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացի եւ յատկապէս գրաւեալ Կիպրոսի տագնապին առնչութեամբ Անգարայի կատարած խնդրայարոյց առաջարկին շուրջ ծագած վերջին տագնապին մասին եւ կրկնեց, որ կառավարութիւնը իր բերանացի առաջարկը ընելէ առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տուած էր թէ՛ սպայակոյտի նախագահութեան եւ թէ հանրապետութեան նախագահութեան։
Կիւլ աւելցուց, թէ երբ թերթերու մէջ այս մասին պնդումներ ու յայտարարութիւններ հրատարակուած են, Կիւլ դարձեալ կապ հաստատած է երկու կողմերուն հետ եւ անոնց նոր տեղեկութիւններ տուած էր, իսկ անոնք ընդունած են, որ նման տեղեկութիւններ ստացած են նախարարութենէն:
Կիւլ սպայակոյտի նախագահ Եաշար Պիւյիւքանըթին ըսած է, որ թերթերու մէջ անոր ըրածը «դժբախտ յայտարարութիւն մըն էր», իսկ զօրավարը պատասխանած է, որ ինք այդպէս խօսած էր հարցումի մը պատասխանելու ընթացքին եւ ներողութիւն խնդրած է ակամայ ստեղծուած տագնապին համար: