Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս անդրադարձաւ 13 Սեպտեմբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած ռազմական գործողութեան եւ կազմակերպութեան արձագանգին: Ան ընդգծեց, որ ՀԱՊԿն արագ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարեց այդ ուղղութեամբ՝ տալով կարգ մը կարեւոր որոշումներ, որոնց կարգին դիտարկման առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան, իսկ այդ խումբին աշխատանքին իբրեւ արդիւնք նախապատրաստուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան տրամադրման ժամանակակից միջոցներու վերաբերեալ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագիծեր, որոնք քննարկուեցան 23 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած նստաշրջանին: Զաս յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ համապատասխան լրամշակումէն ետք կարելի կ՛ըլլայ որդեգրել երկու փաստաթուղթեր՝ Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու եւ ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի յայտարարութեան վերաբերող՝ յաջակցութիւն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն:
Ան հաստատեց, որ այս բոլորը կը փաստեն, թէ ՀԱՊԿն մտադիր չէ Հայաստանէն հեռանալ կամ երես թեքել Հայաստանի հարցերէն: