«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան սեղմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեկնած՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռքը, ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտարարեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:
Թուրքիոյ Կայսերի քաղաքին մէջ նախարար Աքար հիւրընկալեց ատրպէյճանցի եւ վրացի իր պաշտօնակիցները: Եռակողման հանդիպման ընթացքին դրացի երկիրներու պաշտօնեաները քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ հեռանկարները:
«Բոլորիս համար կարեւոր է ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը», յայտարարեց Աքար։